Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2023-ի, կէսօրուան ժամը 13:25-ին, Իսրայէլ Միջերկրական ծովի Լաթաքիոյ շրջանի արեւմուտքէն օդային յարձակում մը գործեց Հալէպի միջազգային օդակայանին ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով օդակայանի վայրէջքի բաժինը վնասուեցաւ եւ օդակայանը անգամ մը եւս ծառայութենէ դուրս եկաւ։