«Հայաստան» խմբակցութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ 24 Օգոստոսին կայացած է Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան նիստը:

Նիստի քննարկման առանցքային նիւթը եղած է Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակը, հաւանական հանգուցալուծումները:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ յառաջիկային կայանալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն: Խմբակցութիւնը որոշած է իր աջակցութիւնը յայտնել «Մայր Հայաստան» դաշինքին, որուն քաղաքապետի թեկնածուն «Հայաստան» խմբակցութեան նախկին պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեանն է:

Քննարկուած են նաեւ Ազգային ժողովի յառաջիկայ նստաշրջանի շրջանակներուն մէջ խմբակցութեան հետագայ ընելիքները: