26 Օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան հանդիպած է հանրապետութեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Խորհրդարանի ղեկավարը ներկայացուցած է պաշտօնավարման 20-օրեայ գործունէութիւնը, անդրադարձած է արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն:

Երկրին մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակի մեղմացման ուղղուած ջանքերուն զուգահեռ աշխատանքներ տարուած են խորհրդարանական դիւանագիտութեան աշխուժացման, Հայաստանի հետ միջխորհրդարանական կապերու վերագործարկումին, բարեկամական խումբերու ու շրջանակներու հետ աշխոյժ շփումներու վերականգնումին համար:

Խօսելով մեր ներուժը կարելի եղածին չափ օգտագործելու անհրաժեշտութեան մասին՝ Ազգային Ժողովի նախագահը յայտնած է, որ քննարկուած է արտերկրի մէջ գտնուող մեր ներկայացուցչութիւններուն աշխատանքները աշխուժացնելու հարցը: Ան շեշտած է համահայկական ջանքերը միաւորելու հրամայականին մասին:

Դաւիթ Իշխանեան հանդիպումներ ու քննարկումներ ունեցած է նաև պետական կառավարման համակարգի ու հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է ներքաղաքական իրավիճակին, խորհրդարանի հեղինակութեան բարձրացման, տեղեկատուական դաշտի հարցերուն:

Ազատ ու անկեղծ մթնոլորտի մէջ լրագրողները իրենց կարծիքները արտայայտած են եւ հարցեր ուղղած են խորհրդարանի ղեկավարին: