Ատրպէյճանական կողմը Լաչինի միջանցքին մէջ գտնուող ապօրինի անցակէտէն առեւանգած է ռուս խաղաղապահներուն ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան մեկնող Ալէն Նելսընի Սարգսեանը՝ ծնեալ 2001-ի: Այս մասին յայտնած է Արցախի տեղեկատուական շտապը։

Առեւանգումի պատճառներուն մասին տակաւին որեւէ հաւաստի տեղեկութիւն չկայ:

Ալէն Սարգսեան ուսանող է, ան մեկնած էր Երեւան՝ իր ուսումը շարունակելու նպատակով:

«Ատրպէյճան կը շարունակէ Արցախի ժողովուրդին հանդէպ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը՝ հերթականօրէն խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի չափանիշերը: Դէպքին մասին մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդուին հետագայ ժամերուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։