Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2023-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին, որ նախարարական պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, պաշտօնական այցելութեան համար Սուրիա ժամանեց։

Նախագահ Ասատ Իրանցի իր պաշտօնակիցին հետ խորհրդակցական հանդիպումին ընթացքին շեշտեց. «Սուրիա-իրան յարաբերութիւնները բովանդակալից են, ունին հարուստ փորձառութիւն եւ տեսլական։ Այս պատճառով ալ այս յարաբերութիւնները մնացին կայուն՝ հակառակ Միջին Արեւելքը հարուածած քաղաքական եւ ապահովական փոթորիկներուն»։

Իր կարգին նախագահ Ռաիսի ըսաւ. «Սուրիան, իր կառավարութեամբ եւ ժողովուրդով, բազում դժուարութիւններ յաղթահարեց։ Կարելի է ըսել, որ դուք՝ սուրիացիներդ, շրջանջեցիք այս դժուարութիւններն ու յաղթանակ արձանագրեցիք՝ հակառակ սպառնալիքներուն եւ տնտեսական պատժամիջոցներուն»։

Նախագահներ Ասատ եւ Ռաիսի այնուհետեւ քննարկեցին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու տարբեր ոլորտներն ու անոնց զարգացման միջոցները, լուսարձակի տակ առնելով Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումներն ու համաշխարհային փոփոխութիւններու հակազդեցութիւնները տարածաշրջանին վրայ։ Անոնք քննարկեցին նաեւ ջանքերու մէկտեղումով աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները իրենց երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն ծառայեցնելու կարելիութիւնները։