Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսի Սուրիոյ Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ ռազմավարական համապարփակ գործակցութեան երկարաժամկէտ ծրագիրի վերաբերեալ փոխըմբռնումի յուշագիր մը ստորագրեցին։

Նախագահներուն ներկայութեամբ այլ համաձայնութիւններ եւս ստորագրուեցան գիւղատնտեսութեան, քարիւղի, փոխադրութեան, հաղորդակցութեանց եւ այլ ոլորտներու առնչուող։