Այսօր առաւօտ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան համար ժամանեց Սուրիա, ընկերակցութեամբ քաղաքական եւ տնտեսական պատուիրակութեան։

Նախագահը քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու շուրջ ընդլայնուած քննարկումներ պիտի ունենայ Սուրիոյ նախագահին հետ, որուն աւարտին շարք մը համաձայնութիւններ պիտի կնքուին։

Իրանի նախագահի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն.

-Արտաքին գործոց նախարար Հասան Ամիր Ապտուլահեան,
-Քաղաքաշինութեան եւ ճամբաներու նախարար (Տնտեսական միացեալ յանձնախումբի նախագահ) Միհրդատ Պազարպաշ,
-Պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ Ռիտա Էշթէյէնի,
-Քարիւղի նախարար Ճաուատ Աուճի,
-Հաղորդակցութեան նախարար Իսա Զարեհ Պոր,
-Նախագահական գրասենեակի պատասխանատու քարտուղար Ղուլամ Հուսէյն Իսմաիլի,
-Իրանի իսլամական խորհրդարանի ներկայացուցիչ Ապպաս Քլրօ,
-Նախագահական գրասենեակի քաղաքական հարցերու օգնական Մուհամմէտ Ճմշիտի։

Նախագահ Պաշար ալ-Ասատ ընդունեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին, որուն Ժողովրդական պալատ ժամանելուն յաջորդեց ընդունելութեան պաշտօնական արարողութիւնը, ապա հնչեցին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան և Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան քայլերգները, որմէ ետք պատուոյ պահակախումբը ներկայացուեցաւ:

Աւարտին, նախագահներ Պաշար ալ-Ասատն ու Իպրահիմ Ռաիսին ծանօթացան երկու կողմերու պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամներուն։