20 Հոկտեմբերին Հրապարակ TV-ի Հինգշաբթի հաղորդաշարի հիւրն էր ՀՅԴ անդամ, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան:
Ան անդրադարձած է ՀՀ իշխանութեան վարած արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան շարք մը հարցերուն` Հայաստանի շուրջ ստեղծուած վտանգաւոր իրավիճակին, հնարաւո ծանր փաստաթուղթերու ստորագրութեան հեռանկարին ու զանոնք չէզոքացնելու Հայաստանի սուղ կարելիութիւններուն:
Խօսելով իշխանութիւններու կողմէն 29 հազար 800 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի անընդհատ թմբկահարումներուն մասին` Արթուր Խաչատրեան դիտել տուած է, որ ատիկա յղի է նոր վտանգներով` ԽՍՀՄ տարիներուն ձևաւորուած ատրպէյճանական անկլաւներու (ներգաւառներու-«Գ.») վերականգնումին իմաստով: Ըստ Արթուր Խաչատրեանի` ճիշդ է, այդ ներգաւառները շատ մեծ տարածքներ չեն զբաղեցներ, բայց դիրքային առումով կարելիութիւն կու տան թշնամի երկիրին նշանառութեան տակ պահելու մեր կենսական նշանակութեան ճամբաները: