ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանի ելոյթը՝ 12 Հոկտեմբերին Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին Թուրքիոյ ստանձնած պարտաւորութիւններուն մասին նիւթի քննարկումի ժամանակ.
«Յարգելի՛ գործընկերներ,
Մենք ակնյայտօրէն ականատեսն ենք գոյութիւն ունեցող աշխարհակարգի փլուզման, որ հիմնուած է ընդհանուր սկզբունքներու եւ արժէքներու նկատմամբ յարգանքի վրայ, յատկապէս, երբ խօսքը կը վերաբերի ուժի սպառնալիք չկիրառելուն եւ վէճերու ու հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման պարտաւորութեան։
Փոխանակ աշխատինք միասին այս աղէտաբեր գործընթացները կասեցնելու ուղիներ գտնելու շուրջ, որոշ երկիրներ կը փորձեն շահարկել անիկա, անոնցմէ օգուտ քաղել՝ հրահրելով նոր հակամարտութիւններ՝ իրենց շահերէն բխող նպատակները իրագործելու համար, եւ այդ շահերուն մեջ կը մտնէ նաեւ քարիւղի գնաճը:
Թուրքիան, գործակցելով Ատրպէյճանի հետ, որոշած է, որ հիմա ճիշդ ժամանակն է ստիպելու Հայաստանին երթալ զիջումներու, որոնք թոյլ կու տան անոնց հասնելու իրենց վաղեմի նպատակին, որ Հայաստանէն ազատիլ է:
Այս դաշինքը հիմնուած է ցեղային-ազգային ինքնութեան վրայ: Անոնք յայտարարած են, որ երկու պետութիւններու մէջ ապրող միասնական մէկ ժողովուրդ են, եւ վերջերս Արցախի մէջ, վերջին հակամարտութիւններէն վերջ, ատրպէյճանական ուժերու կողմէն բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ` հակահայկական պայմանագիր ստորագրուած է։ Այս հռչակագիրը, որ հարցականի տակ կը դնէ համընդհանուր միջազգային բոլոր ձեւաչափերը, ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ այն յարձակողական նպատակները, որ ստորագրողները կը հետապնդեն եւ ի ցոյց կը դրուի անոնց ունեցած աշխարհաքաղաքական նպատակները: Նկատի առնելով այս լայնածաւալ նպատակները` Թուրքիան կը շարունակէ կեղծաւոր կերպով պնդել, որ կ’ուզէ խաղաղ եւ բնական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ` առանց որեւէ նախապայմաններու, բայց մենք կը յիշենք, ինչպէս Թուրքիան, երբ կը փափաքէր անդամակցիլ Եւրոմիութեանը` նշեց , որ, որեւէ բախում պէտք չէ ունենայ իր որեւէ դրացի պետութեան հետ, բայց մենք գիտենք արդիւնքը: Իրականութեան մէջ Թուրքիան չունի որեւէ դրացի, որուն հետ հարց
չունի: Հայաստան կը փորձէ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ, բայց որպէսզի սա կարելի ըլլայ, այս յարաբերութիւնները պէտք է առանց նախապայմաններու ըլլան:
Բայց յիշեցնեմ նաեւ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը բաւականին վերջերս, կոչ ուղղած էր իր հայրենակիցներուն` Սթրազպուրկի մէջ յարձակում գործել Եւրոպայի մէջ ապրող Հայկական համայնքին վրայ: