Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ հայրենիքը կանգնած է գոյացական սպառնալիքներու դէմ, եւ մենք պէտք է վարենք ճիշդ աշխարհաքաղաքականութիւն՝ հիմնուած բացառապէս ազգային շահերու վրայ եւ առանց առանց ջղային տագնապի ու առարկայական նախապատուութիւններու։

«Մենք ուղղակի իրաւունք չունինք այլ ձեւով վարուելու։

Մեզմէ իւրաքանչիւրէն կախեալ է երկրին ու ժողովուրդին ճակատագիրը։ Եւ մենք շատ բան ունինք սորվելու մեր թշնամիներէն», գրած է Բաբայեան: