ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան yerkirmedia.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի` վերոնշեալ հանդիպումին մասին արտայայտած տեսակէտներուն ըսած է, որ ես չեմ կարծեր Վեհափառի եւ նախագահներու հանդիպումին օրակարգը սպառած է, քանի որ Հայաստանը կը գտնուի խիստ օրհասական և պատմական ժամանակահատուածի մէջ, ուր այդ ձեւաչափով շատ մեծ պահանջ կայ հասարակութեան կողմէն։ Հարցը այն է, թէ Տէր-Պետրոսեան այդ հանդիպումներէն ինչ ակնկալիքներ ունէր: Եթէ ինքը այդ հանդիպումին եկած էր, ոչ թէ ստեղծուած իրավիճակէն Հայաստանի համար ելք գտնելու ակնկալիքով, այլ Նիկոլի փրկութեան համար, բնականաբար այդ օրակարգը այլեւս սպառած է։
«Մենք կը կարծենք, որ ձեւաչափը պէտք է շարունակուի, թէկուզ առանց Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի: Տէր-Պետրոսեանի պատկերացումներուն համաձայն, այդ ձեւաչափը ստեղծուած է ընդդիմութիւն-իշխանութիւն երկխօսութիւն կազմակերպելու համար, ատիկա իր պատկերացումն է: Ձեւաչափին նպատակը ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու համար օրակարգ ձեւաւորելն է», ըսած է ան:
Փաշինեանական ընտանեկան «Հայկական ժամանակի մէջ» հրապարակուած ատրպէյճանական պահանջներուն եւ Ռուսիոյ ցանկութիւններուն` Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ ատրպէյճանական այդ 5 կէտերը նորութիւն չեն, բազմիցս թշնամին հրապարակաւ յայտարարած է. «Խնդիրը, թէ ինչպէս մենք կը դիմակայենք ատրպէյճանական ցանկութիւններուն»:
«Հայաստանը չի կրնար նոր յանձնողականութիւն որդեգրել։ Ստեղծուած իրավիճակէն ելքեր կան, պէտք է բեկում մտցնել մեր արտաքին քաղաքականութեան, երկրի պաշտպանութեան մէջ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով ընդդիմութեան միասնական թեկնածուի հարցին` Սաղաթէլեան յայտնեց, որ այդ հարցը կայ օրակարգի վրայ, բայց գերխնդիրը համընդհանուր համաժողովրդական համաձայնութիւն ձեւաւորելն է:
Դաշնակացական գործիչին համաձայն, անհնար է, որ ընդդիմութիւնը համախմբուի իշխանութեան հետ նոր յանձնողականութեան շուրջ` ինչպէս ըսած էր Տէր-Պետրոսեան: