4 Հոկտեմբերին ՀրապարակTV-ի «Հանդիպում» հաղորդաշարի հիւրն էր ՀՅԴ «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արտաշէս Շահպազեան։ Հաղորդումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ վերջին օրերու ներքաղաքական բուռն գործընթացներուն, որոնք կը միտին Հայաստանը վտանգաւոր եւ ծանր իրավիճակէն դուրս բերել:

Կարեւոր համարելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ջանքերը երկրի ամենաազդեցիկ քաղաքական եւ պետական գործիչները այդ նպատակով մէկ սեղանի շուրջ համախմբելու ջանքերը` Արտաշէս Շահպազեան ընդգծեց, որ ատիկա անհրաժեշտ քայլ էր հասարակութեան համախմբում յառաջացնելու համար: «Ես չէի ըսեր, թէ ատիկա յատուկ բանավէճ էր, ինչպէս յայտնած է ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն ՏէրՊետրոսեանը: Իմ կարծիքով` այդ հանդիպումը վկայութիւնն էր այն բանին, որ երկիրը իսկապէս կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ եւ պէտք է այդ վիճակէն դուրս գալու ելքեր որոնել լիակատար համախոհութեամբ: Շատ տեղին ընտրուած էր նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կերպարը` իբրեւ խորհրդանիշ` այդ հարթակը գլխաւորելու եւ քննարկումները շարունակական դարձնելու իմաստով», ըսաւ Արտաշէս Շահպազեան:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ պէտք է կարենալ հասարակութիւնը համախմբել բոլորը միաւորող գաղափարի շուրջ, ինչպէս տեղի ունեցաւ 1988-ին, երբ ձեւաւորուեցաւ Արցախեան շարժումը:

Անդրադառնալով դիտարկումին, որ այսօր ժողովուրդը պիտի չհամախմբուի ՀՀ իշխանութիւններուն առաջարկած խաղաղութեան գաղափարին շուրջ, Արտաշէս Շահպազեան յայտնեց, որ գործող իշխանութիւններուն եւ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէն ատիկա կ’առաջարկուի իբրեւ խաղաղութիւն կամ խաղաղութեան գաղափար, իրականութեան մէջ սակայն այդ պարտուողականութիւն է եւ անվերջանալի զիջումներու շարք, որ մեզի լաւ տեղ պիտի չհասցնէ։