Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը եւ ՀՕՄ-ի համայն ընտանիքը խոր կսկիծով կը գուժեն Հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, Հայաստանի ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկերուհի Շաղիկ Մարուխեանի վաղահաս մահը, որ պատահեցաւ Հոկտեմբեր 3, 2022-ին, Երեւան, Հայաստան։

Ան յաւերժ կը մնայ մեր յիշողութեան մէջ օրինակելի եւ նուիրեալ ՀՕՄուհի, հաւատաւոր դաշնակցական եւ կանանց իրաւունքներու պաշտպան` խիզախ հայուհի։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընկերուհիին սգակիր ընտանիքին եւ հարազատներուն, Հայաստանի ՀՕՄ-ի եւ ՀՅԴ- ի բոլոր անդամներուն։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ