Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատունը սարսափած է այն տեսանիւթէն, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ գերի ինկած հայ զինուորները ինչպէ՛ս կը գնդակահարուին ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ: Այս մասին դեսպանատունը յայտնած է իր դիմատետրեան էջին վրայ:
«Մենք կ՛ողջունենք Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազութեան յայտարարութիւնը տեսանիւթը համապարփակ հետաքննութեան ենթարկելու յանձնառութեան մասին: Կ՛ակնկալենք, որ հետաքննութեան արդիւնքները հրապարակուին:
«Կ՛ակնկալենք, որ վատ վերաբերմունքի, չարաշահումներու եւ կամայական սպանութիւններու առնչուող բոլոր մեղադրանքները լիովին հետաքննուին համապատասխան մարմիններու կողմէն», կը նշուի գրառումին մէջ: