Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը իր դիմատետրեան էջով կը յայտնէ, որ ատրպէյճանցիներու կողմէ հայ զինուորներու սպանութեան տեսանիւթը ներկայացուած է Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական դատարան եւ Արդարադատութեան Միջազգային դատարան:
«Հայ պատերազմական գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարան եւ Արդարադատութեան Միջազգային դատարան ներկայացուած պահանջներու շրջագիծին մէջ այսօր նշուած դատարաններուն ներկայացուած է սոյն թուականի 2 Հոկտեմբերին ընկերային ցանցերուն վրայ շրջանառուած հայ զինուորներու սպանութեան տեսանիւթը` անգամ մը եւս ընդգծելով Ատրպէյճանի կողմէն ազգութեամբ հայերու հիմնարար իրաւունքներու խախտման փաստը»: