ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը մեծ ցաւով կը գուժէ նուիրեալ դաշնակցական Շաղիկ Մարուխեանի մահը:
Ընկերուհի Շաղիկը մանկութեան տարիներուն ապրած է Լիբանան, Յունաստան, ուսանած է Փարիզի Սորպոնի համալսարանին մէջ, ապա հաստատուած է Երեւանի մէջ:
Հաւատարիմ հօր եւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի որդեգրած ուղեգիծին՝ Շաղիկ Մարուխեան մշտապէս եղած է անկախ Հայաստանի զինուորը: Արցախի , Հայ Օգնութեան Միութեան բարեսիրական ծրագիրներուն, ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան օրկան «Երկիր» պաշտօնաթերթի (հանդիսացած է թերթի խմբագիրը), տեղական եւ միջազգային շարք մը կազմակերպութիւներու մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի, «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամին համար իր կատարած աշխատանքներով ու մեծածաւալ ծրագիրներով Շաղիկ Մարուխեան նպաստած է հայոց նորանկախ պետականութեան կայացման ու զարգացման։
Շաղիկ Մարուխեանի թողած լուսաւոր եւ օրինակելի յետագիծը պատմութեան փոխանցող շարադրանքը տակաւին պիտի տեղծուի, իսկ անոր պայծառ անունը յաւերժ պիտի յիշուի սերունդներու կողմէ։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին