2 Հոկտեմբերին Ժնեւի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։
Արարատ Միրզոյեան վերահաստատած է հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերման եւ բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղօրէն ազատ արձակումին մասին։
Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն յայտնած են, որ կարեւոր համարուած է սահմանային իրավիճակի վերահսկումի միջազգային ձեւաչափերու ներդրումը։
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի Զինեալ Ուժերուն իրականացուցած պատերազմական յանցագործութիւնները յստակ գնահատականի պէտք է արժանանան միջազգային ատեաններու կողմէն, իսկ յանցագործները՝ պատասխանատուութեան ենթարկուին։
Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաիունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովումին մասին՝ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջև քննարկումներու ձեւաչափի ստեղծումին միջոցով։
Դրական գնահատուած է երկուստեք ըմբռնումը, որ տարածաշրջանային երթեւեկային ուղիները պիտի ապաշրջափակուին երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան տակ։