Հայաստանի եւ Արցախի պաշտօնաթող նախագահներու հանդիպման վերաբերեալ արդէն յայտնի են Հայաստանի նախկին երեք նախագահներուն կարծիքները: Առաջին նախագահը պնդած է, որ համախմբման վերաբերեալ իր առաջարկը չէ ընդունուած, երկրորդ նախագահը նշած է, որ ստեղծուած իրավիճակի գնահատման հարցին ընդհանուր յայտարարի եկած են, սակայն լուծումներու չեն յանգած, երրորդ նախագահը որպէս համակողմանի լուծումներ գտնելու հնարաւորութիւն՝ հանդիպումը գնահատած է դրական:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանը, այս թեմայով, «Երկիր» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է. «Համախմբուել կարելի է ազգի շահերից բխող նպատակների շուրջ: Համախմբուել յանձուելու համար՝ ինքնին անիմաստ է։ Պէտք է ազդարարել պայքարի կոչնակը»: