Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Եսայի քահանայ Արթենեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ ՀՀ եւ ԼՂՀ նախագահներու յաջորդ հանդիպումի նախապատրաստման նպատակով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս օրերուն առանձին հանդիպումներ ունեցած է նախագահներու հետ։
«Կը հաստատենք, որ 29 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է հանդիպում ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հետ։

Առանձնազրոյցի բովանդակութեան եւ նաեւ վարչապետի հետ հանդիպումին առնչուած տարածուող նիւթերը կեղծ են։ Կը կարծենք, որ այս ամէնը նպատակ կը հետապնդէ ձախողեցնել նախաձեռնուած քննարկումներու գործընթացը»,յայտնած է ան: