Ազգային Ժողովի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Թագուհի Թովմասեան 7 Հոկտեմբեր 2022_ին կը գրէ․

«Գեղարքունիքի սահմանապահ դարձած բնակավայրերէն Կուտականի բնակիչները քիչ առաջ ահազանգեցին, որ թշնամին այսօր առաւօտեան՝ ժամը 9:00-էն որոշակի դադարներով, շարունակ հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած է տեղւոյն հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Փաստօրէն որեւէ յայտարարութիւն կամ հանդիպում Ատրպէյճանի ծրագիրները չեն փոխած. անոնք խաղաղութեան պատրաստ չեն:

Կ’ուզեմ յիշեցնել, որ Կուտականի բնակիչները կը գտնուին ատրպէյճանցիներու տեսադաշտը։

Իսկ այս պահուն ընթացող փոխհրաձգութեան, զոհերու, վիրաւորներու մասին տակաւին պաշտօնական տեղեկութիւն առկայ չէ»։