Եւրոխորհրդարանին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է բանաձեւի նախագիծ մը, որ կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ կոչ կ’ուղղէ Ատրպէյճանին պաշտպանելու Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: 
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումին մասին բանաձեւին մէջ ըսուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի 2-րդ պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական ուժերու կողմէն յարձակումի ենթարկուած են բազմաթիւ կրօնական վայրեր, ինչպէս Ջրականի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարը: Ընդգծուած է նաեւ, որ Հայտար Ալիեւի եւ աւելի ուշ անոր որդիին՝ Իլհամ Ալիեւի օրով Ատրպէյճանը ոչնչացուցած է մինչեւ 100 հայկական եկեղեցի, հազարաւոր խաչքարեր, տասնեակ հազարաւոր տապանաքարեր եւ մշակութային ժառանգութեան այլ առարկաներ Նախիջեւանի մէջ: Ըստ բանաձեւին, ասիկա կը վկայէ հայկական մշակութային ժառանգութեան հաւանական ճակատագրին մասին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, քանի որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը հերքեն Նախիջեւանի շրջանին մէջ հայկական մշակութային վայրերու առկայութիւնը: Բանաձեւին մէջ շեշտուած է՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի 2347 (2017) բանաձեւին համաձայն, ապօրինի յարձակումները կրօնի, կրթութեան, արուեստի, գիտութեան, ինչպէս նաեւ պատմական յուշարձաններու վրայ կրնան զինուորական յանցագործութիւն ըլլալ, եւ նման յարձակումներու հեղինակները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին: Այսպիսով՝ բանաձեւը խստօրէն կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը: 
Բանաձեւը ԻՒՆԵՍՔՕ-ին եւս կոչ կ’ուղղէ ամբողջութեամբ գնահատելու Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութեան վիճակը զինեալ հակամարտութիւններու պարագային՝ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին 1954-ի Հաաքայի համաձայնութեամբ եւ հետեւելու բոլոր կողմերու համապատասխան առաջարկութիւններուն, ինչպէս նաեւ կոչ կ’ուղղէ Եւրոպական Միութեան ցուցաբերելու համապատասխան աջակցութիւն: 
Բանաձեւը կը յորդորէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը լիովին գործակցելու միջազգային հետաքննութիւններու հետ եւ կատարելու իրենց պարտականութիւնները՝ 1954-ին Հաաքայի պայմանագրութեան համաձայն: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին բանաձեւը Ատրպէյճանին կոչ կ’ուղղէ գործակցելու ԻՒՆԵՍՔՕ-ին հետ՝ ապահովելու փաստահաւաքի առաքելութեան անարգել մուտքը: Բանաձեւը կոչ կ’ուղղէ Ատրպէյճանին նաեւ պաշտպանելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շրջակայքը՝ ամբողջութեամբ կատարելով Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի որոշումը, յատկապէս՝ զերծ մնալու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելէ կամ հայկական պատմական մշակութային ներկայութիւնը վերացնելէ կամ հայերու մուտքը արգիլելէ եւ այլն: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն բանաձեւով կոչ ուղղուած է, միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ, ապահովելու միջազգային իրաւունքի խախտումի բոլոր մեղադրանքներուն արդիւնաւէտ հետաքննութիւնը՝ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցով եւ որեւէ յարձակումներու, ինչպէս 8 Հոկտեմբերի 2020-ին յարձակումին Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ տաճարին վրայ: