Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան փոխնախագահ Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարած է, որ Թուրքիան ներկայ է համաշխարհային ուժերու պայքարներու բոլոր «թատերաբեմերուն վրայ»:
«Չինաստանի, Եւրոպայի ու Արեւմուտքի պայքարի ամենակարեւոր ճակատներէն մեր գիտցած Առաջաւոր Ասիան ու յատկապէս Կովկասը պիտի ըլլան: Այս իմաստով Թուրքիան Կովկասի հաւասարակշռութեան անփոխարինելի մասնիկն է»:
Քուրթուլմուշ, շեշտած է, որ Թուրքիան զգալի աջակցութիւն ցուցաբերեց Ատրպէյճանին Ղարաբաղը «ազատագրելու եւ այնտեղ նոր հաւասարակշռութիւն հաստատելու» գործընթացին: Ապա աւելցուցած է.
«Թուրքիան վճռական է ու պատրաստ է նաեւ նախաձեռնել Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Վրաստանի ու Հայաստանի մասնակցութեամբ վեցակողմ հարթակի միջոցով Կովկասի յատկապէս Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան եւ անդորրի մթնոլորտի ստեղծումը: Կովկասի մէջ հաւասարակշռութիւնը առանց Թուրքիոյ կարելի չէ ապահովել»: