“Էրմէնիհապեր”._Թուքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կատարած գրաւոր հարցումին ի պատասխան Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Թանժու Պիլգըչ յայտնած է, որ պաշտօնական Անգարան գոհունակութեամբ ընդունած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախար Արարատ Միրզոյեանին՝ Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու որոշումը։ Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած Պիլգըչի պատասխանին մէջ ըսուած է․ «Գոհունակութեամբ ընդունուած է Հայաստանի ԱԳՆ մամուլի խօսնակի յայտարարութիւնը առ այն, որ ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին, որ տեղի պիտի ունենայ 11_13 Մարտին»։ Նշուած է, որ նմանատիպ փոխադարձ քայլերը կը նպաստեն երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան աճին եւ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման նպատակին ուղղուած խորհրդակցութիւններուն, որոնք կ’ամրապնդեն փոխվստահութիւնը։