“Արմէնփրէս”._8 Մարտին Երեւանի ժամով ժամը 23։00-ի սահմաններուն Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Խրամորթ գիւղի շրջանը թշնամին հերթականօրէն խախտած է զինադադարը` 60 մմ տրամաչափի ականանետէն 3 հատ ական արձակելով գիւղին ուղղութեամբ։ Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն յայտնեցին, որ հայկական կողմէն տուժածներ չկան։ Զինադադարի խախտումին մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութիւնը։