“Երկիր Մետիա”._9 Մարտին, Երեւանի ժամով ժամը 13։10-ին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացած են Հայաստանի սահմանի արեւմտեան բաժինին մէջ հաստատուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ։ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն յայտնած են, որ հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով թշնամիին կրակը դադրած է։ Ժամը 15։00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը սահմանի այդ բաժինը յարաբերականօրէն կայուն է: