“Արմէնփրէս”._8 Մարտին Երեւանի ժամով ժամը 23։00-ի սահմաններուն Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի Խրամորթ գիւղի բաժինին մէջ հակառակորդը հերթականօրէն խախտած է հրադադարը` 60 մմ տրամաչափի ականանետէն 3 հատ ական արձակելով գիւղի ուղղութեամբ։ Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն յայտնեցին, որ հայկական կողմէն տուժածներ չկան։ Հրադադարի խախտումի դէպքին մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։