Ազգային Ժողովին մէջ այսօր, 14 Փետրուարին սկիզբ առաւ 44-օրեայ պատերազմի դէպքերը քննող յանձնաժողովին աշխատանքները։ Գեղամ Մանուկեան նիստի ընթացքին յայտնեց, որ առարկայական հետաքննութիւն կարելի է միայն այն պարագային, երբ անիկա վստահուած է ընդդիմութեան, այլ ոչ թէ իշխող քաղաքական ուժին, որ մեղաւոր է այս պատերազմը սանձազերծելով։ Յանձնաժողովի ընդդիմադիր երեք անդամները՝ Գեղամ Մանուկեան, Տիգրան Աբրահամեանն ու Գեղամ Նազարեան լքեցին դահլիճը։ Նիստէն վերջ տեղի ունեցած ասուլիսին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ հակառակ իրենց յայտարարութեան, որ պիտի չմասնակցին Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ 27 Սեպտեմբեր 2020_ին սանձազերծուած զինուորական գործողութիւններու հանգամանքներու ուսումնասիրութեան նպատակով ստեղծուած քննիչ յանձնաժողովի նիստերուն, հարկ տեսան ներկայանալ յանձնաժողովի նիստին ու ներկայացնել իրենց փաստարկները, որոնց հիման վրայ որոշում առնուած է չմասնակցիլ իշխանութիւններուն նախաձեռնած յանձնաժողովին։ Գեղամ Մանուկեան յայտնեց, որ ընդդիմադիր պատգամաւորները յանձնաժողովին իրաւասութիւն ունին ծանօթանալու գաղտնիութիւն պարունակող փաստաթուղթերուն հետ․ «Կը վստահեցնենք, որ պիտի գտնենք ձեւաչափափերը, թէ ինչպէս կրնանք վերահսկել, ծանօթանալ քննիչ յանձնաժողովի աշխատանքներուն»։