ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի լրատուական ծառայութիւնը պաշտօնական հերքում տարածած է, որ կը ներկայացնենք ստորեւ. Պաշտօնական հերքում ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ ծաւալող սեւ քարոզչութեամբ տարածուած է հերթական զազրելի սուտը, առ այն, որ վերջերս Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան կողմէ պետական դաւաճանութեան առերեւոյթ յանցագործութեան բացահայտումով ձերբակալուած է իբր Դաշնակցութեան «Հայդուկ» ջոկատի մէկ հրամանատար: Սոյնով կը տեղեկացնենք, որ Դաշնակցութիւնը չունի եւ չէ ունեցած «Հայդուկ» ջոկատ։ Հետևաբար, այն պնդումները, թէ այս ջոկատի շտապը գտնուած է ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, նոյնպէս սուտ է: Բացի անկէ, ԱԱԾ-ի հրապարակած տեսանիւթին մէջ առկայ անձինք ՀՅ Դաշնակցութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունին, յատկապէս՝ անոնցմէ որեւէ մէկը դաշնակցական չէ եւ չէ եղած։ Կը պահանջենք իրաւապահ մարմիններէն՝ բացյայտել եւ պատասխանատուութեան ենթարկել քրէօրէն պատժելի այս արարքի հեղինակները, յատկապէս՝ սուտ մատնութեան յատկանիշներով անյապաղօրէն հարուցել քրէական հետապնդում: Անբարոյականութիւն է ուրանալ ՀՅ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնն ու դաշնակցականներու անձանազոհութիւնը ազատագրական պայքարին մէջ. ԿԸ դիմենք վերոնշեալ հերիւրանքը տարածած լրատվուականներուն՝ հրապարակել այս հերքումը։

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի լրատուական ծառայութիւն

14.02.2022