“Վէմ” հանդէսի խմբագրութիւնը կը հաղորդէ, որ լոյս տեսած է Երուանդ Փամպուքեանի կազմած «Ռոստոմի Անտիպ Նամակները» փաստաթուղթերու ստուարածաւալ ժողովածուն: Ուրախութեամբ ընթերցողի դատին կը ներկայացնենք վաստակաշատ պատմաբան, ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւներու անխոնջ հետազօտող Երուանդ Փամպուքեանի երկարամեայ գիտական պրպտումներու արդիւնքը հանդիսացող «Ռոստոմի Անտիպ Նամակները» ստուարածաւալ ժողովածուն։ Շքեղ տպագրութեամբ օրերս լոյս տեսած այս 732 էջանոց պատկառելի հատորը «Վէմ Մատենաշարի» թիւով 4-րդ հրատարակութիւնն է, որ իր աւարտին հասցուցած է ՀՅԴ ականաւոր գործիչ Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) անտիպ նամակներու հրատարակութիւնը։ Երուանդ Փամպուքեան շարունակելով «Վէմ» հանդէսի հիմնադիր Սիմոն Վրացեանի կազմած ՀՅ Դաշնակցութեան Դիւան-ով սկսած, իսկ հետագային Հրաչ Տասնապետեանի հատորներով շարունակած փաստաթուղթերու տպագրութիւնը, բայց չկրկնելով անոնց բովանդակութիւնը, ստեղծած է կոթողային աշխատութւն մը, որ անգնահատելի ծառայութիւն պիտի մատուցէ մասնագէտ պատմաբաններուն ու ընթերցող լայն հասարակութեան։ Այսպիսով առկայ վաւերագրերը հիմք պիտի դառնան Հայոց պատմութեան նոր շրջանի բազմաթիւ հիմնահարցերու գիտական գնահատականները վերանայելու համար։ Համեմատաբար կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կատարուած այս ահռելի աղբիւրագիտական աշխատանքի խմբագրումն ու տպագրութիւնը առանց չափազանցութեան՝ իսկական հերոսութիւն է պատկառելի տարիք ունեցող գիտնականի կողմէն։