13 Փետրուարին, Երեւանի ժամով ժամը 22:25-ին ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը հաղորդեց, որ հիւսիսային լայնքով 41.19⁰ եւ արեւելեան երկայնքով 43.97⁰ աշխարհագրական համաչափերով` Վրաստան-Հայաստան սահմանային գօտիին վրայ գրանցուած է ` 5, 2 ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Էպիկեդրոնային գօտիի ստորգետնեայ ցնցումի ուժգնութիւնը կազմած է 6-7 պալ: Երկրաշարժը զգալի դարձած է Շիրակի, Լոռիի, Արմաւիրի, Կոտայքի եւ Արագածոտնի մարզերուն մէջ 4-5 պալ ուժգնութեամբ եւ Երեւան մայրաքաղաքին մէջ՝ 3 պալ ուժգնութեամբ: