Չորեքշաբթի, 17 Մարտ 2021-ին, Դամասկոսի Օփերայի տան մէջ ելոյթ ունեցաւ Հալէպի Պարոք երաժշտական խումբը, ժողովուրդին ներկայացնելով եւրոպական երաժշտական դար մը իր բոլոր իւրայատկութիւններով, «Եռեակներ՝ Պարոքի Դարէն» խորագիրը կրող յայտագիրով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Ժիրայր Րէիսեանի։ Խումբը ներկայացուց եւրոպական պալատներու այդ ժամանակաշրջանի թագաւորական պարերը ապրեցնող երաժշտական ստեղծագործութիւններ, որոնք մեծաւ մասամբ եռեակներու մասնակցութեամբ կը կատարուին (կողմնասրինգ, դաշնամուր, թաւջութակ) կամ (ռիքորտըր, ջութակ, թաւջութակ)։ Երաժշտական այս խումբը հիմնուած է Հալէպ, ութսունական թուականներու աւարտին, ապա շրջան մը իր գործունէութիւնը դադրեցնելէ ետք, վերահիմնուած է երկու տարի առաջ, հետեւեալ անդամներով. նուագախումբի գեղ. ղեկավար՝ Ժիրայր Ռէիսեան (ռիքորտըր) , Ռոզի Շուշանեան (ջութակ) , Կարօ Արսլանեան (թաւջութակ), Լիզէթ Սէրայտարեան Աւընեան (դաշնամուր) , Զանի Բամպուքեան (կողմնասրինգ-ֆլիւթ)։ Խումբը Հալէպի մէջ զանազան ելոյթներով հանդէս եկած է։ Նախքան 16-17-րդ դարու Պարոքի շրջանի երաժշտութեան ներկայացումը, համերգը սկսաւ Ժիրայր Րէիսեանի յօրինած երկու կտորներով, որոնք նուիրուեցան սուրիական բանակի հերոսներուն եւ նահատակ զինուորներուն հոգւոյն, կատարողութեամբ Ժիրայր Րէիսեանի (ռիքորտըր) եւ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի (դաշնամուր)։ Պարոք խմբակի ղեկավար Ժիրայր Րէիսեան յայտնեց, որ ձեռնարկին նպատակն է գրեթէ մոռցուած հեղինակներու գործերը ներկայացնել, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնել ռիքորտըր գործիքը, որ մեծ նշանակութիւն ունէր Պարոք ժամանակաշրջանին, սակայն դարերու ընթացքին երաժշտութիւնը փոփոխութեան ենթարկուելէ ետք ռիքորտըր կոչուած երաժշտական գործիքը գրեթէ վերացած է, մինչդեռ 20-րդ դարու կիսուն վերստին օգտագործուիլ սկսած է։ Րէիսեան յայտնեց, որ ինք անձամբ աշխատանք տարած է ռիքորտըրը Հալէպի հայկական երաժշտանոցէն ներս օգտագործելու եւ անոր օգտագործումը ներառնելու երաժշտական դասաւանդութեան մէջ։ Երաժշտական եռեակները յաջորդաբար հանդէս եկան պարոքեան երաժշտութեամբ։ Առաջին եռեակը (կողմնասրինգ, դաշնամուր եւ թաւջութակ) նուագեց երեք սոնադներ՝ իտալացի երաժշտահան Արքանժելօ Քորելիէն, անգլիացի Կուտֆրի Վինկըրէն եւ իտալացի Պենետիթօ Մարսելոյէն։ Ռիքորտըր, ջութակ, թաւջութակ եռեակը նուագեց իտալացի երաժշտահաններ Հենրի Բերսէլի եւ Ճերմի Քլարքի Մարշ եւ Պիւրէ միացուած սոնադները։ Եւ այսպէս համերգը շարունակուեցաւ տարբեր երաժշտական ստեղծագործութիւններու կատարումով։
