Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Ծնողաց Յանձնախումբը կազմակերպեց աւանդութիւն դարձած եռօրեայ «Ցուցահանդէս-Խաղեր», 5-6-7 Մարտ 2021-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս: «Ցուցահանդէս-Խաղեր»ուն բացումը կատարուեցաւ Ուրբաթ 5 Մարտ 2021-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի։ Բացումին ներկայ էին վարժարանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան եւ Արժ. Տ. Սուրէն քհնյ. Արսլանեան, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութիւնը, վարժարանի Հոգաբարձութիւնն ու Տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանը, Վարժարանի ողջ անձնակազմը եւ հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Ներկաները, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ շրջեցան ցուցահանդէսի տաղաւարները եւ քաջալերեցին բոլոր մասնակիցները։ Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը։ Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզի աշակերտները հանդէս եկան Արցախին նուիրուած հայրենասիրական երգերով, երգեհոնի ընկերակցութեամբ ուսուցչուհի օրդ. Սէրլի Խոշապճեան-Թէրզեանի: Փոքրիկները իրենց մանկական կանչերով հաստատեցին Արցախի ներկայիս գրաւուած շրջաններուն նկատմամբ պահանջատէր ըլլալը: Այնուհետեւ Վարժարանի նախակրթարանի աշակերտական երգչախումբը գեղեցկօրէն ներկայացուց փունջ մը հայերէն եւ արաբերէն հայրենասիրական երգեր, խմբավարութեամբ՝ վարժարանի տեսուչ տիար Յովիկ Օհանեանի։ Ապա նախակրթարանի աշակերտները հայրենաշունչ պար ներկայացուցին, ղեկավարութեամբ՝ օրդ. Լիլա Աթաշեանի։ Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինով 6-րդ կարգի աշակերտ Սերժ Սարգիս մեներգեց ազգային երգեր, ոգեւորելով ներկաները։ Բացման խօսք ներկայացուց Ծնողաց յանձնախումբի ատենապետուհի բժ. Թամար Բարսեղեան-Սարգիս, յայտնելով, որ սոյն ծրագիրը կը նպատակադրէ վարժարանի սաներու ֆոնտին նպաստել։ Ան յայտնեց, թէ ցուցահանդէսի գեղարուեստական յայտագիրը նուիրուած է Արցախին , հաստատելու համար Արցախի գոյապայքարին շարունակականութիւնը, մինչեւ վերատիրանանք մեր Պատմական Հայաստանի եւ Արցախի հողերուն։ Աւարտին, ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հովանաւորութեան եւ հայրական հոգածութեան համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան, Վարժարանի Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան, մանկապարտիզպանուհիին եւ ողջ անձնակազմին իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի նուիրատու բարերարներուն, յատկապէս տէր եւ տիկ. Յարութ Զգուշեանին։ Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը, գնահատելով վարժարանի Ծնողաց յանձնախումբին տարած բծախնդիր աշխատանքը։ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց հայ մայրերուն եւ մեծ մայրերուն ներկայութեան համար, հաստատելով, որ իրենց զաւակները Հայ Դպրոց ուղարկելով հայ մայրերը կը համախմբուին Դպրոցին շուրջ եւ մեր ազգային արժէքները կը կտակեն անոնց: Սրբազան Հայրը այս առիթով գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնը, Հոգաբարձութիւնը եւ Միութեան խնամակալութիւնը, իրենց Հոգատար աշխատանքին համար։ Ցուցահանդէսը ընդգրկեց նաեւ քերմէսի խաղեր, վարժարանիս երկրորդական կարգերու աշակերտներուն ղեկավարութեամբ, որոնք պարտաճանաչօրէն եւ ամենայն աշխուժութեամբ երեք օրերու ընթացքին հետեւողականութեամբ կառավարեցին խաղերու տաղաւարները, ուրախացնելով պատանիները:
