Կիրակի, 21 Մարտ 2021֊ի առաւօտեան ժամը 8։ 00֊ին, սկիզբ առաւ մաքրութեան արշաւը, նախաձեռնութեամբ Հալէպի նահանգային խորհուրդի հայ համայնքի ներկայացուցիչին։ Արշաւին մասնակցեցան ՀՄԸՄ-Ի «Հալէպ» Մասնաճիւղի արի արենուշները, երէց- պարմանները, իրենց պատասխանատուներուն եւ խմբապետներուն հետ, ինչպէս նաեւ Ս. Պ. Միութիւնը իրենց վարիչներուն հետ եւ Ս. Ե. Միութիւնը։ Արշաւը սկիզբ առաւ Նոր Գիւղի մայր պողոտայէն։ Մասնակիցները ծառայասիրական ոգիով, միասնաբար աւլեցին, եւ մայթերը ներկապատեցին։նոր Գիւղի «Զարեհ Ա.» պողոտան ինչպէս նաեւ Զուարթոնց եկեղեցւոյ շրջանը եւ վիլլաներու թաղամասը։ Արշաւը պիտի շարունակուի նաեւ այլ շրջաններու մէջ ։
Ժիրայր Կարապետեան