Սուրիոյ քաղաքացիական թռիչքներու եւ օդային փոխադրութեան գլխաւոր վարչութիւնը յայտարարեց Սուրիոյ օդային տարածքի հարաւային միջանցքները օդանաւերու երթևեկության համար ժամանակաւորապէս փակելու մասին՝ 28 Փետրուարէն սկսեալ, Դամասկոսի ժամանակով 12 ժամով։
Ընկերութիւնը յայտարարեց, որ այս որոշումը առնուած է քաղաքացիական թռիչքներու ապահովութեան համար, հիմնուելով թռիչքներու միջազգային ընթացիկ օրէնքներուն եւ համաձայնութիւններուն վրայ։
Յիշենք, որ Շաբաթ, 28 Փետրուարի առաւօտեան, Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ միատեղ օդային յարձակում սկսան Իրանի վրայ՝ թիրախ ընտրելով տասնեակ կեդրոններ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի եւ այլ քաղաքներու մէջ։