Սուրիոյ Կեդրոնական Դրամատան կառավարիչ Ապտուլ Քատեր Հասրիյէ յայտարարեց, որ դրամի փոխանակման ժամկէտը յաւելեալ երեսուն օրով երկարաձգուած է։ Նոր պայմանաժամը պիտի սկսի 1 Յունիսին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 30 Յունիս, նկատի առնելով դրամի փոխանակման գործընթացի յաջող ընթացքը։
Հասրիյէ Ուրբաթ օր, իր դիմատետրի էջին վրայ կատարած գրառումով պարզաբանեց, որ այս որոշումը տրուած է՝ առիթ ընձեռելու համար, որպէսզի փոխանակումը կատարուի աւելի դիւրին եւ առանց դժուարութեան։ Փոխանակումը պիտի կատարուի բացառաբար գործող դրամատուներու մասնաճիւղերուն միջոցով՝ ըստ այն պայմաններուն եւ կանոններուն, որոնք պիտի յայտարարուին յառաջիկային։
Կառավարիչը շեշտեց պաշտօնական տեղեկութիւններուն հետեւելու կարեւորութիւնը եւ յորդորեց օգտուիլ այս յաւելեալ շրջանէն՝ գործողութիւնները հանգիստ կերպով աւարտելու համար։
Յիշեցնենք, որ 2 Մարտին կառավարիչը որոշած էր դրամի փոխանակման պայմանաժամը 60 օրով երկարաձգել (1 Ապրիլէն սկսեալ)։ Փոխանակումը սկսած էր 1 Յունուարին՝ 90 օրուան նախնական պայմանաժամով։ Ըստ սահմանուած դրոյթին՝ իւրաքանչիւր 100 հին սուրիական լիրան կը հաւասարի 1 նոր սուրիական լիրայի։