Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր երէկուան նիստի ընթացքին որոշած է Թուրքիոյ տարածքով մարդասիրական օգնութիւն ուղարկել Լիբանան:
Որոշումին համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա սահմանին վրայ գտնուող «Մարգարա» անցակէտը 12-22 Յունիսին պիտի բացուի` մարդասիրական բեռներու տեղափոխման համար: Այս անցակէտը չի գործեր եւ գործող իրաւական կարգաւորումներով կարելի չէ նշեալ սահմանային անցակէտով անձերու, բեռներու եւ փոխադրամիջոցներու անցումը:
Ինչպէս կը նշուի փաստաթուղթին մէջ, որոշումը որդեգրուած է Լիբանանի բնակիչներուն, որոնց շարքին իսրայէլեան յարձակումներու պատճառով վնասուած հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու համար:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 14 Մայիս 2026-ին եւս որդեգրած էր Լիբանանին օժանդակութիւն տրամադրելու որոշում մը: