Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը հրապարակեց խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները, ըստ որոնց արդէն ձեւաւորուած է նոր խորհրդարանի քաղաքական պատկերը, թէեւ տակաւին վերահաշուարկներու հաւանականութիւն կայ։

Ընտրելու իրաւունք ունեցողներու ընդհանուր թիւն էր՝ 2507216
Քուէարկութեան մասնակցողներու ընդհանուր թիւը՝ 1477736
Նախնական տուեալներով խորհրդարան կ՚անցնի 3 ուժ` 2 դաշինք, 1 կուսակցութիւն։

Կուսակցութիւններու պարագային անցողիկ շեմը 4 տոկոսն է, դաշինքներու պարագային՝ 8 տոկոսը։

Նախնական արդիւնքներով խորհրդարան կ՚անցնին հետեւեալ ուժերը՝
-«Քաղաքացիական Պայմանագիր», որ կ՚ունենայ 64 աթոռ
-«Ուժեղ Հայաստան»՝ 29 աթոռ
-«Հայաստան» Դաշինք՝ 12 աթոռ։
Քաղաքական մնացեալ ուժերը չեն յաղթահարած խորհրդարան ներկայացուած ըլլալու անցողիկ շեմը:

Ի՞նչ կարելիութիւն կը ստանայ Քաղաքացիական Պայմանագիրը 64 մանդատով։ Հայաստանի մէջ 64 մանդատ ունեցող քաղաքական ուժը կը համարուի միանձնեայ մեծամասնութիւն։ Այսինքն՝ Քաղաքացիական Պայմանագիրը կրնայ ինքնուրոյն ձեւաւորել կառավարութիւն, ընտրել վարչապետ եւ հաստատել կառավարութեան կազմը, այդ ուժը կը վերահսկէ նաեւ օրէնսդրական գործընթացը, կրնայ ընդունիլ օրէնքները եւ ձեւաւորել խորհրդարանական օրակարգը, սակայն գոյութիւն ունի մէկ կարեւոր սահմանափակում, երկրի սահմանադրութիւնը փոխելու համար անհրաժեշտ է երկու երորդ մեծամասնութիւն, այսինքն շուրջ 70 մանդատ։ Ինչ որ կը նշանակէ, թէ այդ հարցով Քաղաքացիական Պայմանագրութիւնը չի կրնար իրականացնել այն, ինչ որ կը յայտարարէր վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին։