Մեր պատմութեան ամէնէն նշանաւոր, ամէնէն գեղեցիկ եւ ամէնէն քաջ թագուհին, որ իրաւամբ արքայուհի պէտք է կոչել:
Վաղուց որոշեր եմ իր հետ հարցազրոյց մը վարել, բայց… չեմ համարձակիր. եթէ իշխանուհիի մը հետ զրուցելու փորձառութիւն ունիմ, թագուհին, մանաւանդ՝ արքայուհին ուրիշ մակարդակ է…
Հայոց Տրովադացի Հելէնն է Փառանձեմը, անոր պէս իր գեղեցկութեան ձեռքը կրակը ինկած, բայց, ըստ իս, շատ աւելին, քան սոսկական գեղեցկուհի մը…
Կը հանդիպինք Արտագերս Ամրոցի իր դղեակին մէջ: Պարսիկներուն շրջափակումը տակաւին սկսած չէ, բայց խուճապ մը կայ թէ՛ ամրոցին մէջ դիրք բռնած բանակին, թէ՛ հոն ապաստանած ժողովուրդին մէջ: Միայն թագուհին է, որ հանդարտ է, արքայուհիի վայել հանդարտութեամբ, պարզ շրջազգեստով մը, առանց թագի: Իր գեղեցկութիւնը սակայն, հակառակ ծանր պայմաններուն, կը շարունակէ ճառագայթել: Կը յիշեմ իր դժխեմ վախճանը եւ սիրտս տրոփ մը
կը կորսնցնէ:
Միայն թագուհի մը չէ Փառանձեմ, այլ արքայի պէս քաջ ու դիւանագէտ, արքայուհի կոչուելու արժանի, ինչպէս փարաւոնեան թագուհիներէն մէկը՝ Հապշէթսութը, որ հակառակ կին ըլլալուն, Փարաւոն կոչուեր էր:
Ես- Դուն մեր Հելէն, դուն մեր հպարտու…
Փառանձեմ Թագուհի- (Յստակ արհամարհանքով ընդմիջելով զիս) Հելէ՞ն… բայց ի՞նչ ըրած է ան իր երկրին համար, կրնա՞ս ըսել:
Ե- Ճիշդ էք… Կրնա՞նք այսօր սիրտ սրտի խօսիլ, մոռցած ձեր տիտղոսը:
ՓԹ- Այս ծանր օրերուն միայն ա՛յդ ձեւով զրոյցը կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ. ծանր ժամանակ է… Բայց քեզմէ առաջ քանինե՜ր գրեր են իմ մասիս՝ ծուռ-շիտակ, առանց հասկնալու դիւանագիտութիւն ըսուածը, առանց հասկնալու զիս…
Տխրութեամբ կը ժպտի:
Ե- Շնորհակալ եմ թոյլտուութեան համար: Ճիշդ այդ պատճառով է, որ այսօր ձե՛զ կ’ուզեմ լսել, ձե՛ր կարծիքը իմանալ, ծուռը շիտակէն տարբերել… Ձեզի համար շատեր կ’ըսեն թէ հայ կնոջ տիպար էք, ուրիշներ կ’ըսեն՝ դեւ էք ու սատանայ. ո՞ր մէկն էք:
ՓԹ- Կին մը կրնայ երկուքն ալ ըլլալ միաժամանակ՝ թէ՛ դեւ ու սատանայ, թէ՛ կնոջ տիպար, Եւա եւ Աստուածամայր, երկու Մագթաղինէներէն ե՛ւ մէկը, ե՛ւ միւսը… Բայց կը հասկնամ թէ ինչի՛ կ’ակնարկես՝ Օլիմփիային մահուան կամ սպանութեան. իբր թէ իմ դրդումովս է որ Մրջիւնիկ քահանան հաղորդութեան մէջ թոյն դրեր եւ ատով հաղորդեր է «բարեպաշտ» Օլիմփիան…
Ե- Ճի՞շդ է:
ՓԹ- Եթէ նոյնիսկ ճիշդ է, բայց եւ արդար է. մի՛ մոռնար որ եթէ ըսի:
Կը շեշտէ «եթէ»-ն:
Ե-Ինչպէ՞ս սպանութիւն մը կրնայ արդար ըլլալ:
ՓԹ- Երբ խնդրոյ առարկան կ’ամբաստանուի հայրենիքի դէմ մեծագոյն յանցագործութեամբ:
Ե- Դաւաճանութեա՞մբ:
ՓԹ- Լրտեսութեամբ, որը համազօր է դաւաճանութեան… Պալատին մէջ նստած, լրտեսութեամբ զբաղի՜լ… Հանդուրժելի չեն դաւաճանութիւն թէ լրտեսութիւն… Գիտե՞ս արդեօք, թէ հայրս, Սիւնեաց Անդովկ իշխանը, պարսից Շապուհ արքայի վերաբերմունքէն սաստիկ վիրաւորուած, յարձակեր էր, հասեր մինչեւ մայրաքաղաք Տիզբոն ու գրաւեր էր զայն, գիտէի՞ր…
Երանութեամբ կը յիշեմ մեր պատմութեան այն ժամանակները, երբ վիրաւորանքի մը համար կարելի էր յարձակիլ եւ յաղթել, մինչ այսօր մեր ունեցածն իսկ պահելու կը դժկամին…
ՓԹ- Ե՜ս, Անդովկ իշխանի դուստրը, Հայոց Տիկնանց Տիկինը լրտեսութիւն եւ դաւաճանութի՞ւն հանդուրժեմ…
Ե- Քանի սիրտ սրտի է մեր խօսքը այսօր, հարց տամ՝ ճի՞շդ է որ դուք Արշակ Արքայի երրորդ կինն էք:
ՓԹ- Ատ ո՞ւր լսեցիր:
Ե- Մեր պատմիչներէն մէկը ըսեր է:
ՓԹ- Այդ պատմիչներուն շատ հաւատք ընծայելու չէ… անոնք յաճախ ինչ որ թելադրուած է իրենց, ա՛յդ գրեր են:
Ե- Իսկ Գնելի եւ Արշակի մասին ի՞նչ կ’ըսէք:
ՓԹ- Տիրիթը մոռցա՞ր:
Ե- Տիրի՞թը, Գնելին զարմի՞կ Տիրիթը, ա՞ն ալ դեր ունեցեր է հոն:
ՓԹ- Չարեաց աղբիւրը Տիրիթն էր:
Չքնաղ թագուհին յուշերով տարուած կը լռէ, մինչ ես կը պրպտեմ միտքիս ծալքերը, նախակրթարանի Հայոց Պատմութեան դասերուն մէջէն գտնելու համար Տիրիթին ով ըլլալն ու ինչ ըրած ըլլալը:
ՓԹ- Նոր պսակուեր էի Գնելին հետ, երբ Գնելը սպանուեցաւ: Չհասկցայ խնդիրին էութիւնը: Յետոյ, բաւական ետքը, երբ Արշակ Թագաւորին հարսնացայ, ան պատմեց, թէ Տիրիթը իրեն խօսեր է Գնելին «զինք սպաննելու եւ գահին տիրելու դաւադրութիւններուն մասին»:
Ե- Եւ Արշակ Թագաւորը հաւատացե՞ր է:
ՓԹ- Նման պարագաներու ժամանակ չկայ հաւատալ-չհաւատալու, որովհետեւ երբ դանդաղիս, կրնաս դո՛ւն սպանուիլ… այո՛, հաւատա-
ցեր էր…
Մեր ամբողջ պատմութիւնը դաւերու եւ դաւաճանութիւններու երկար շարք մըն է, կը մրմնջեմ ես ինծի, բայց կարծես Փառանձեմ Թագուհին
կը լսէ, որովհետեւ շարունակելու պէս կը պատասխանէ.
ՓԹ- Ճի՛շդ ես. բայց միայն մեր պատմութիւնը չէ որ այդպէս է. կեա՛նքը այդպէս եղեր է իր առաջին օրէն. չե՞ս յիշեր Աբէլ-Կայէնին պատմութիւնը. ընդամէնը չորս հոգի էին երկրիս երեսին՝ Ադամը, Եւան, Աբէլն ու Կայէնը… եւ չորրորդ մարդը սպանեց երրորդը…
Ե- Այլ բան մը եւս կ’ուզէի հարցնել. իրա՞ւ է որ Շապուհ Արքան, հիանալով Արշակ Թագաւորի քաջութեամբ, կ’ուզէ դաշինք մը կնքել եւ իր դուստրը կնութեան տալ Արշակին, բայց ձեր հայրը՝ Անդովկ Իշխանը վախնալով ձեր դիրքին համար, դաշինքը կը խափանէ:
ՓԹ- Ուրկէ՞ լսեր ես այդ պատմութիւնը:
Ե- Փաւստոս պատմիչը կ’ըսէ:
ՓԹ- Ըսի, չէ՞, որ այդ պատմիչներուն շատ հաւատք ընծայելու չէ…
Ե- Բայց փաստօրէն Շապուհ վերջաւորութեան խաբեց Արշակ Արքան եւ Անուշ բերդը բանտարկեց:
ՓԹ- Դիւանագիտութիւն… Արշակը եթէ ըսածս մտիկ ըրած ըլլար…
Ե- Որքա՜ն դժուար եղած է Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ հաւասարակշռութիւն պահելը. փոքր երկիր, բոլորին աչքը վրան… Արդեօ՞ք Ներսէս Պարթեւ Կաթողիկոսին անէծքը ազդեր էր Արշակ Արքային վրայ:
ՓԹ- Անկեղծօրէն, Կաթողիկոսը ի՛նքն ալ գիտէր, որ Արշակի՛ն կամքն է տիրապետողը. այդ անէծքը քիչ մը անկարողութեան փաստ էր…
Ե- Բայց Արշակ Արքային կեանքին աւարտն ալ արքայավայել չէր՝ բանտարկուիլ Անուշ բերդին մէջ ու յետոյ անձնասպան ըլլալ:
ՓԹ- Մեծ ըլլալու տուրքն է ատիկա, պէ՛տք է գիտցած ըլլաս. մարդ որքան աննշան ըլլայ, այնքան հանգիստ կþապրի:
Ե- Փառք Տիրոջ…
Ժպիտ կ’երեւի մտահոգ դէմքին վրայ:
ՓԹ- Կը տեսնեմ թէ համաձայն ես ըսածիս:
Ե- Ինչպէ՞ս կրնամ համաձայն չըլլալ, մանաւանդ երբ գիտեմ…
ՓԹ- Կեանքիս աւարտը, այդ ըսել կ’ուզէիր, չէ՞:
Կրկին կը լռենք: Այնքա՜ն ցաւալի է Փառանձեմ Թագուհիին վախճանը, այնքա՜ն անյարիր իր փառաւոր կեանքին, որ անշուշտ վարդերով ծածկուած ճամբայ մը չէ եղած, բայց այդպիսի՞ մահ…
Ե- Ինչպէ՞ս տոկացիք,- կը հարցնեմ զգուշութեամբ:
ՓԹ- Այնպէս ինչպէս դիմացեր էի ամբողջ 14 ամիս Արտագերս ամրոցին մէջ, պարսիկ զօրքով շրջափակուած: Ո՜չ, պարսիկները չէին յաղթեր, եթէ չըլլային սովն ու համաճարակը, որ կոտորեցին բանակս… Չէի՛ն յաղթեր…
Ե- Ամէն անգամ որ կը յիշեմ ձեր վախճանը, կը յիշեմ նաեւ կանանոցին վերադարձուիլը պարսից արքային…
ՓԹ- Եւ ըսել որ մերինները չհասկցան, չսորվեցան… թշնամիին հետ ի՛ր զէնքերով պէտք է կռուիլ՝ կի՞նն է իր տկարութիւնը, պէտք է հոն հարուածել… Չսորվեցան նոյնիսկ իմ վախճանէս…
Տարօրէն կը յուզուի, դէմքը կ’այլայլի, ձեռքերը կը սկսին դողալ:
Ե-Ինչպէ՞ս տոկացիք,- կրկին հարց կու տամ:
ՓԹ- Աչքերս փակեր էի ու միտքիս մէջ կը կրկնէի՝ հայրենիքիս համար է… Այս խօսքը շարականի պէս կը սփոփէր զիս: Ի զո՜ւր, ափսո՜ս, ի զուր էր այդ բոլորը…
Հայոց թագուհին մերկացնել ոչ միայն թագէն ու պատմուճանէն, այլ իր բոլոր հանդերձներէն ու յետոյ… բազում չարչարանքէ ետք ցիցը հանել… Ո՞ր ազնուական այրը նման բան թոյլ կու տայ ինքզինքին…
Ու կարծես մտորումներս լսելով՝ կը պատասխանէ մեր ամէնէն հզօր թագուհին.
ՓԹ- Ոչ մէկ այր, ի՛նչ տիտղոս ալ ունենայ, կամ ըլլայ ամէնէն նուաստ դասէն, նման վարմունք կնոջ մը հանդէպ ինքզինքին թոյլ պիտի չտար: Բայց ասոնք ոչ թէ ազնուական չեն, ասոնք…
Ձայնը կը դողայ հեկեկանքի վրայ, բայց խօսքը կ’ամբողջացնէ.
ՓԹ- Ասոնք մարդ իսկ չեն… Բայց չհասկցանք, ազգովին չհասկցանք…
Ու մինչ արցունքները կը հոսին այտերն ի վար, ես գլուխս կը դարձնեմ, իր տկարութիւնը տեսնելով զինք չվիրաւորելու համար: Բայց ես ալ
կու լամ անզուսպ կերպով ու կը գրկեմ արդէն թաց բարձս:
Մարուշ Երամեան