Քեսապի մէջ տարին ունէր չորս եղանակ՝ Գարուն, Ամառ, Աշուն եւ Ձմեռ։ Չէ-չէ սխալ չհասկնաք, անշուշտ երկրագունդի բոլոր երկիրները, քաղաքներն ու գիւղերը Քեսապի նման տարուան չորս եղանակները ունին։ Սակայն Քեսապի մէջ այդ եղանակները լիարժէք կրնաս զգալ ու վայելել։
Գարնան, երբ ծառ ու ծաղիկ կը ծաղկին ու հարսանիք կը սարքեն կարծէք, թիթեռնիկները, գոյն-գոյն աստուածային հրաշալի գոյներով զարդարուած ու գծագրուած, իրենց պարերով կը մասնակցին այդ ուրախութեան։ Թռչունները իրենց ծլվլոցով ուրախ երգեր կ՚երգեն, ով գիտէ ի՞նչ կ՚երգեն կամ իրար ի՞նչ կ՚ըսեն ու կը պատմեն։ Անոնց գեղգեղանքը մերթ ընդ մերթ աւելի ու աւելի կը բարձրանայ, կարծէք երգի մրցաշարք կազմակերպած ըլլան։ Իսկ արագիլները խումբ-խումբ կը պարեն մասնակից դառնալով բնութեան ուրախութեան, տաք երկիրներ գաղթելով ապաստան կը գտնեն։
Ամառը՝ Քեսապը քեսապցիին չ՚ըլլար կարծէք, որովհետեւ ան գործով կը զբաղի, այգիի ու պարտէզի զանազան գործերը կը կլանեն զինք։ Զբօսաշրջիկները Սուրիոյ եւ այլ երկիրներէ Քեսապ կ՚այցելեն, Քեսապի գեղեցիկ ու հրաշալի բնութիւնը վայելելու, հեռանալով քաղաքի խճողուած ու տաք միջավայրէն։ Անշուշտ․․․ Քեսապի նման զով ու մեղմ բնութիւն ո՞ւր կը գտնեն, գիւղի զով ու հրաշալի բնութեան մէջ գրկախառնուած կը գտնեն ծովն ու սիգապանծ լեռները։
Դպրոցական վերամուտը կ՚աւետէ աշնան ժամանումը։ Սեպտեմբերին զբօսաշրջիկներու շարանը «դանակի» նման կը չքանայ ու Քեսապը կրկին կը վերագտնէ իր խաղաղ ու հանդարտ թաղերը, աղբիւրները եւ պարտէզները։ Լալկան աշունը, որ կը յատկանշուի ծառերու տերեւաթափով, քեսապցիին համար ուրախ ու ոսկի աշուն է։ Քեսապցին տարի մը ամբողջ անոր անհամբեր կը սպասէ՝ բերքահաւաքի եղանակն է։
Ձմեռը իր պաղ ու բուք օրերը շալկած կ՚այցելէ Քեսապ, բայց ի՞նչ հոգ, երբ կայ փայտէ վառարանը, պաղը ինք կը դողայ։ Ձմեռուան չիրն ու չամիչը, գինին ու վառարանի ճարճատիւնը, խօսիլն ու խնդալը եղանակի ծանրութիւնը կը մեղմացնեն։
Այս աստուածատուր չորս եղանակները ամէն տարի Քեսապ կ՚այցելէին հերթով, իւրաքանչիւր ամիս ջահը յանձնելով յաջորդին՝ խաղաղ, հանդարտ եւ խելօք իրարու կը յաջորդէին յարգանքով։
Մեր մանկութեան օրերուն, դեռ նախակրթարանի կարգերէն, դպրոցի աշակերտներս, նոյնիսկ տնեցիները Յ․ Թումանեանի Մարտ ամսուան մասին գրուած «Այս խենթ ամսուն Մարտ կ՚ըսեն, հանգիստ չունինք երեսէն» տողերը քանի-քանի անգամներ կը կրկնէին։ Ամէն մարդ շատ լաւ գիտէր, որ Մարտ ամիսը խենթ է, բոլորը անվարան ու բարձրաձայն կը յայտարարէին անոր խենթ ըլլալը։
Եկո՛ւր տե՛ս, որ բոլորին ծանօթ «խենթ» Մարտը այս տարի առանձին չէր խենթացած, Ապրիլ ամիսն ալ խենթի շարքին անցաւ։
– Մէկը միւսէն լաւ չէ,- ըսաւ Ապրիլ ամիսը ու ինքն ալ Մարտ ամսուան նման խենթացաւ,- Մարտը հռչակ ունի իր «խենթ» ըլլալով, ես ալ պիտի խենթանամ։
Ալ հով, ալ փոթորիկ, ալ տեղատարափ եւ յորդառատ անձրեւներ եւ նոյնիսկ «կարկուտ»։ Այս վերջինին անունն իսկ լսել չեն ուզեր քեսապցիները Ապրիլին, որովհետեւ պտղատու ծառերը այդ ամսուան ընթացքին կը սկսին ծաղկիլ։ Ծաղկած ծառ առաւել կարկուտ հաւասար է բնութեան աղէտի ու փորձանքի, բայց որ պատահի ու կարկուտի հատիկները սկսին թըփթըփալ ցուիքներու վրայ, անոնց հետ քեսապցիներու սրտերն ալ կը թըփթըփան։ Աղօթքները կը սկսին բարձրանալ անոնց հոգիներէն առ Աստուած, խնայել կը հայցեն իրենց բերքը, բայց ի՞նչ ընեն, ծաղկած ծառերու թերթիկները մատղաշ են ու կարկուտի հատիկներու հարուածներուն չեն դիմանար, ու մայր ծառը հրաժեշտ իսկ չտալով վար կ՚իյնայ։ Սալորը, ծիրանը, խնձորն ու դեղձը, որոնք այդ ամսուան ընթացքին կը ծաղկին ու պտուղ կու տան, շատ կը ցաւին իրենց կերած ապտակէն։ Կարկուտը անոնց այտերուն վրայ սպի կը ձգէ մինչեւ իրենց կեանքի վերջը։ Անջնջելի հետքն ու ցաւը, զորս յառաջացուցած է կարկուտը ծառերու մանկութեան օրերուն, իրենց յիշողութեան մէջ դրոշմուած կը մնայ, ու անոնք իրենց ամբողջ կեանքին ու աճման ընթացքին այդ ցաւը կը կրեն։
Չէ-չէ այս տարուան ամիսներու պատմութիւնը տխուր ճամբով գնաց, վերադառնանք։ Պարտիզպանը փառք կու տայ Աստուծոյ եւ առաջ կը նայի։
Գարունը իր երեք զաւակները հաւաքած, անոնց հետ կը խօսի եւ կը խրատէ, յատկապէս Ապրիլին ուղղելով խօսքը․
– Ապրի՛լ, զաւա՛կս, ձագո՛ւկս, համո՛վս, ցաւդ տանիմ, ի՞նչ եղաւ քեզի, դուն խելօք էիր, խելքդ գլուխդ հաւաքէ կրկին, վառարանները վառելու մարդոց փայտերը վերջացան, ինչո՞վ պիտի տաքնան, պարտիզպաններու գործերը կուտակուեցան։
[5/30/2026 9:57 AM] sarin Boghossian: Ապրիլը համաձայնութեամբ գլուխը կը շարժէ, ամպերը աջ ու ձախ կը ցրուին, որպէսզի առիթ ընծայեն արեւուն տաք շողերուն, որպէսզի սփռուին ամէնուրեք։ «Օֆ-օֆ ի՜նչ լաւ, ձմեռուան անձրեւներէն ու խոնաւութենէն ետք, այս արեւը արժեց», գոհ էին բնութիւնն ու մարդիկ, խոտերն ու ծաղիկները, ջուրի կաթիլները անոնց վրայէն շոգիանալէն ետք, իրենց գլուխները ուրախ ու զուարթ վեր կը բարձրացնէին հպարտութեամբ։
Մարդիկ տան մէջ երկար բանտարկութենէ ու կալանքէ ետք ազատութիւնը կը վայելէին։ Փոքրիկները իրենց կարգին ձմեռանոց, ծանր ու հաստ հագուստներով տուներէն դուրս կը վազէին ու կը սկսէին ցատկռտել ու խաղալ։ Տիկիններն ալ գործի կը լծուէին, եղանակի փոփոխութիւնը շատ գործեր կ՚ենթադրէր, մանաւանդ այս տարուան ձմռան խիստ օրերէն ետք։ Ու ամէն տարուան գործերը կը կրկնուէին գորգ, վարագոյր, ձմեռանոց հագուստներ վերցնել, ամառանոց հագուստներ տեղաւորել, վերմակ, ծածկոց եւ այլն․․․։
Իսկ պարտիզպանները հազիւ արեւն ու անոր տաքուկ շողերը տեսած, պարտէզի կուտակուած գործերուն կը լծուէին։
Յաջորդ քանի մը օրերը երբ «Ապրիլ»-ը խելօք կը մնար, կը նկատէր որ ոչ ոք իրմով կը հետաքրքրուի, ամէն մարդ իր գործով զբաղած է, ինքզինք անտեսուած ու լքուած կը զգայ։
-Է՜հ, երբ խելօքցայ, զիս անտեսեցիք։ Այս օրերուն երբ բարի եւ խելօք ըլլաս, մարդ երեսիդ չի նայիր։ Ես ցոյց կու տամ ձեզի,- մտածեց «Ապրիլ»-ը։
Այդ գիշեր փոթորիկը, թախ-թուխ ձայները զօրաւոր էին ու երկա՜ր լսուեցան։ Ան զայրացած տանիքներու եւ ձուիքներու վրայ թոյլ մնացած կամ բակերու սնտուկներն ու դոյլերը՝ մանաւանդ լաւ չկապուած վարագոյները քաշքշեց ու պատռեց, թռցուց ու անդին շպրտեց։ Նոյնիսկ թեթեւ կշիռք ունեցող մարդիկ պիտի թռցնէր, ու կրկին անձրեւ ու պաղ։
Աղբիւրները յորդեցան, փառք Աստուծոյ, ծառաւ պարտէզները ջուրէն յագեցած էին, անձրեւի ջուրերը ալ ճամբայ չէին գտներ առաջ երթալու։ Անձրեւին հետ բարձունքներէն վար իջած խիճերն ու քարերը, ճամբաներու երթեւեկը դժուարացուցած էր։
Գարունը ինքն ալ ի՞նչ ընելը ալ չէր գիտեր, ամօթով մնացած էր։
– Ապրի՛լ, որդի՛ս, ձեռքդ պագնեմ, խելօք մնա՛,- ափսո՜ս մայրը չկրցաւ ու չկրցաւ երկրորդ որդին ճամբու բերել։
Այս տարի «Ապրիլ»-ն ալ խենթացաւ «Մարտ»-ին նման։
Հազիւ «Մայիս»-ը՝ գարնան երրորդ զաւակը ժամանեց, բնութիւնն ու մարդիկ շունչ քաշեցին,- օ՜ֆ, փառք Աստուծոյ,- ըսին։ Ան ճանչցուած էր իր ծանրութեամբ ու բարեհաճութեամբ, բոլորին սիրելին էր, մանաւանդ պտոյտներու եւ ուրախութեան ամիսն էր։
– Մայի՛ս, տղա՛ս, դուն այս տարի երեսս ճերմակ պահէ, ամօթով մի՛ ձգեր, տեսար եղբայրներդ ինչ ըրին այս տարի, բնութիւնն ու մարդիկ դժգոհ են իրենցմէ, խնդրեմ, որ ինչպէս միշտ խելօք ու բարեսէր մնաս,- մայրն էր, կը խրատէր։
Վա՜յ-վո՜ւյ Մայիսն ալ այս տարի խենթացաւ, ի՛նչ անձրեւ, ինչ հով ու փոթորիկ, նորէն վառարան, նորէն ձմեռնային տաքուկ հագուստներ եւ պարտիզպանները իրենց գործերէն կրկին ետ մնացին։
– Նոյնիսկ դո՞ւն, Մայի՛ս․․․ չէի սպասեր քեզմէ, դուն ամէնէն խելօք զաւակս էիր, ի՞նչ պատահեցաւ քեզի,- մայր Գարունն էր, կը յանդիմանէր որդին։
– Այո, ճիշդ ես, մա՛մ, ես շատ խելօք էի, բայց երբ տեսայ ամէն ամիս ու մարդ իր բնութիւնը հետզհետէ սկսաւ փոխել, մէկը միւսին նախանձիլ, ձեւ ու որակ փոխել, ես ալ մտածեցի, ինչո՞ւ միայն ես խելօք մնամ։ Այդքան մարդ ու եղանակներ-ամիսներ փոխուեցան ու խենթացան, մարդ անոնց բան չըսաւ, միայն իմ խենթութիւնը նկատեցին,- արդարացուց Մայիսը։
Ու այդպէս այս տարի Մայիսն ալ խենթացաւ։ Արդեօ՞ք Մայիսը խենթանալէ, բնութիւնն ու մարդիկ շփոթի մատնելէ ետք, ուրիշ ամիսներ ալ օրինակ կը վերցնեն անկէ ու խենթութիւնը շրջանային բնո՞յթ կը ստանայ․․․։
Սեւան Ա․ Մանճիկեան