Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանին, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցի միաւորի վարչութեան, Ուրբաթ, 29 Մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, տեղի ունեցաւ երաժշտանոցի 2025-2026 տարեշրջանի վկայականաց բաշխման հանդէսը, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս, ներկայութեամբ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանին, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչին, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներուն, հալէպահայ միութիւններու եւ երաժշտանոցներու ներկայացուցիչներուն եւ շրջանաւարտներու ծնողներուն։
Հանդէսը սկիզբ առաւ ՀՀ քայլերգով, որ դաշնամուրի վրայ նուագեց օրդ. Անի Պօղիկեան։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ միաւորի վարչութեան ատենապետ Շողեր Մուշեղեան-Հայրապետեան, որ յայտնեց, թէ երաժշտանոցը բոլորելով իր հիմնադրութեան 40-ամեակը, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ երաժշտական կրթութիւն ջամբելով նորահաս սերունդներուն։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ իր հայրական հովանաւորութեան եւ մշտական քաջալերանքին համար, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Ազգ. Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութեան, երաժշտանոցի տնօրէնուհիին, ուսուցչական կազմին, աշակերտական նուագախումբի ղեկավարին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան երաժշտանոցի գործունէութեան։
Օրուան հանդիսավարն էր՝ վարչութեան անդամ Մարիա Պօզոյեան։
Հանդէսի առաջին բաժինով հանդէս եկան հինգ շրջանաւարտներ եւ երեք յետաւարտական կարգի ուսանողներ, հետեւեալ յայտագիրով.-
– Երուանդ Գասպարեան (դաշնամուր), «ԱյշԷյի Պարը»- Արամ Խաչատուրեան
– Քարէն Գատէհճեան (դաշնամուր), «Nocturne in c sharp minor»-Chopin
– Նանար Գասապեան (ջութակ), «Humoreake»-Dvorak, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ օրդ. Անի Պօղիկեանի
– Ալիսիա Գասապեան (դաշնամուր), «Վաղարշապատ»-Առնօ Պապաճանեան
– Բալիկ Մարգէեան (ջութակ), «Czardas»-V.Monti, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ օրդ. Ռուզան Պարսումեանի
– Ալիք Պաղտոյեան (յետ աւարտական Ա. կարգ-դաշնամուր), «Mazurka op.33 No.4»-Chopin
– Աւետիս Չիլաբոշեան (յետ աւարտական Ա. կարգ-դաշնամուր), «Grande valse brilliant op. 18»-Chopin
– Մարիա Պաղտոյեան (յետ աւարտական Ա. կարգ-ջութակ), «Adagio»-Albinoni, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Ալիք Պաղտոյեանի
Համերգի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ երաժշտանոցի աշակերտական լարային նուագախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ՝ ջութակի ուսուցչուհի օրդ. Լուսիա Պանտաքի, հետեւեալ ստեղծագործութիւններով.-
-«String Street Stomp»-Piter Martin, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Մարիելլա Տէկիրմէնճեանի
-«Little Happiness»-Joachim Johow, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Քրիստ Հայկեանի
-«Մեր Սիրելի Երեւան»-Առնօ Պապաճանեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ օրդ. Անի Պօղիկեանի
-«Fanfare»-M.Corrette, Arrangement Peter Martin, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Բարտի Գրիգորեանի։
Նուագախումբի անդամներն են՝
#Ա.Ջութակ
Մարիա Պաղտոյեան
Բալիկ Հայրապետեան
Սերենա Պէրպէրեան
Բալիկ Մարգէեան
#Բ.Ջութակ
Նարօտ Գասապեան
Յակոբ Քիւփէլեան
#Գ. Ջութակ
Այգ Տիգրանեան
Անիթա Փայասեան
Ռիթա Խաչերեան
Այնուհետեւ, Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի ձեռամբ վկայականաց բաշխում կատարուեցաւ, ներկայութեամբ՝ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Բիւզանդ Պէպէճեանի, միաւորի վարչութեան ատենապետ Շողեր Մուշեղեան-Հայրապետեանի, տնօրէնուհի օրդ. Արշօ Այվազեանի եւ շրջանաւարտներու ուսուցիչներուն։
Աւարտին, քահանայ հայրը իր սրտի խօսքը ուղղելով շնորհաւորեց երաժշտական դպրոցին 40 տարիներու երթը։ Ան գնահատեց երաժշտանոցի վարչութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին տարած աշխատանքը եւ Սրբազան Հօր օրհնութիւններն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեց շրջանաւարտներուն եւ անոնց ծնողներուն, մաղթելով բարեյաջող երթ։
Հանդէսը փակուեցաւ քահանայ հօր «Պահպանիչ» աղօթքով։
Ապա այս առիթով կարկանդակի հատում կատարուեցաւ։
Մարինա Պօղիկեան