Մայիս ամիսը աւանդաբար նուիրուած է Աստուածամօր` Սուրբ կոյս Մարիամի, բարեխօսութեան։ Հաւատացեալները կը հաւաքուին եկեղեցի երկիւղածութեամբ աղօթելու եւ հայցելու Տիրամօր բարեխօսութիւնը խաղաղութեան եւ բարեգործութեան համար։
Արդարեւ, Շաբաթ, 30 Մայիս 2026-ի երեկոյեան Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցսւ մայիսեան աղօթքի աւարտը։ Ապա նաեւ տարիներու սովորութիւն դարձած Պրովէի եւ պաքալորիայի աշակերտութեան օրհնութիւնն ու հաղորդութիւնը՝ պետական քննութեան նախօրեակին։
Օրուան պատգամը ուղղեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ Եղիայեան որ ըսաւ. «Աստուածամայրը տիպարն է մայրութեան: Մայրերու պարտականութիւնն է նմանիլ Աստուածամօր կերպարին, ունենալ անոր համեստութիւնը, համբերութիւնը եւ զոհողութեան ազնիւ ոգին, ունենալ նաեւ անոր նուիրումը, բոլորանուէր հոգին`իրենց զաւակներուն դաստիարակութեան տէր եւ պահապան ըլլալու»։ Ապա օրհնելով աշակերտները մաղթեց իրենց յաջողութիւն, որպէսզի Աստուածամօր բարեխօսութեամբ լուսաւորուի իրենց միտքն ու ուղին։
Աւարտին Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան զղջումի աղօթքը ընթերցելէ ետք, աշակերտները հաղորդութիւն ստացան։ Ներկաներուն բաշխուեցան մոմեր եւ աղօթագիրք «ժամագիրք երեկոյեան ժամու եւ Սուրբ Աստուածածնայ», որ հրատարակուած է հրամանաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի։
Եկեղեցւոյ գաւիթը հիւրասիրութիւն պատրաստուած էր եկեղեցասիրաց տիկնանց կազմի կողմէ։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն