«Քրիստոսի Աստուածութիւնը» գիրքին հեղինակն է Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ երանաշնորհ Շնուտա Գ. Պատրիարքը, որուն այս աշխատութիւնը աստուածաբանական եւ դաւանաբանական գրականութեան մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ։ Գիրքը հայացուցած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան։
Այս հրատարակութիւնը կը զուգադիպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարուան»` հոգեւոր սնունդ ջամբելու հաւատացեալ ժողովուրդին։
Գիրքի յառաջաբանին մէջ Մակար Արք. Աշգարեան կը շեշտէ Քրիստոսի աստուածութեան նիւթի կենսական կարեւորութիւնը, յայտնելով որ․ «Քրիստոսի աստուածութիւնը քրիստոնէական վարդապետութեան եւ աստուածաբանութեան մէջ ամենակարեւոր ու կենսական թեմաներէն մէկն է։։ Բոլոր դարերուն ալ զանազան հերետիկոսական շարժումներ անոր դէմ խօսեցան ու գործեցին, սակայն Եկեղեցին միշտ այդ հոսանքներուն դէմ պայքարեցաւ ու պաշտպանեց իր Ուղղափառ հաւատքը»:
Հեղինակը ընթերցողին կը տանի պատմական խորք, ուր կը ներկայացուին եկեղեցական մեծագոյն ճակատամարտերը ընդդէմ հերետիկոսութեանց, յատկապէս՝ Արիոսականութեան։
Աշխատութիւնը կը վերահաստատէ Նիկիոյ (325 թ.) եւ Կոստանդնուպոլսոյ (381 թ.) Տիեզերական Ժողովներու որոշումները, որոնք հիմքն են մեր «Հաւատամք»-ին։ Գիրքին մէջ մէջբերուած են Նիկիական եւ Կոստանդնուպոլսեան հանգանակները, յիշեցնելով հաւատացեալին, որ Քրիստոսի աստուածութիւնը ոչ թէ լոկ տեսական գիտելիք է, այլ սուրբպատարագային ապրում եւ դաւանանք։
Շնուտա Գ. Պատրիարքի ոճը յատկանշական է իր աստուածաշնչական խորութեամբ։ Հեղինակը չի բաւարարուիր լոկ փիլիսոփայական փաստարկներով, այլ հարիւրաւոր վկայակոչումներով՝ թէ՛ Հին եւ թէ՛ Նոր Կտակարաններէն, կը հիմնաւորէ Քրիստոսի աստուածութիւնը։
Ընթերցողը ինքզինք նստած պիտի զգայ նաւակի մը մէջ, որ կը նաւարկէ աստուածաշնչական համարներու ծովուն մէջ, ու որքան թիավարէ, այդքան աւելի իր առջեւ պիտի յստականայ Քրիստոսի մշուշոտ թուացող պատկերը եւ ինչքան մօտենայ միւս ափին, այդքան աւելի մաքրուած հոգեւոր-իմացական աչքերով պիտի տեսնէ ու ճանչնայ Յիսուս՝ իբրեւ իր Արարիչն ու Փրկիչը, Օծեալն ու Ազատարարը, Աստուծոյ Որդին ու Մարդու Որդին, Հրաշագործն ու բնութեան վրայ իշխանութիւն ունեցողը, ինչպէս նաեւ՝ իբրեւ տէրերու Տէր, թագաւորներու Թագաւոր եւ աստուածներու Աստուածը։
Աշխատութիւնը նաեւ արդիական է, քանի որ միջոցներ ցոյց կու տայ հաւատացեալին՝ դիմակայելու համար ժամանակակից մոլորեցնող ուսուցումները, որոնք կը փորձեն խաթարել ուղղափառ հաւատքը։
Մակար Արքեպիսկոպոսի ջանքերով հայացուած «Քրիստոսի Աստուածութիւնը» գիրքը կոչուած է փարատելու տարակարծութիւններն ու շփոթը՝ ընթերցողը գօտեպնդելով քրիստոսասէր իր հաւատքին մէջ։
Սրբազան հայրը կը յուսայ որ․ «Այս համեստ աշխատանքը մեզմէ շատերուն համար, իր իւրայատուկ կարգաւորումով եւ ընդարձակ ու բազմահարիւր Աստուածաշնչական մէջբերումներով որոշապէս լոյս կը սփռէ Քրիստոսի աստուածութեան վրայ եւ ոմանց մօտ յառաջացած տարակարծութիւններն ու շփոթ մտածումները միանգամընդմիշտ հեռացնելով` զանոնք Քրիստոսահիմն Հաւատքով կը գօտեպնդէ եւ առաւել եւս Աստուծոյ Խօսքին կառչելու, անով սնուելու եւ դէպի ճշմարիտ կեանք առաջնորդուելու կը մղէ»: