9 Մայիսին՝ Յաղթանակի օրուան առիթով, Եռաբլուր այցելեցին «Հայաստան» դաշինքի անդամներ, որոնք յարգանքի տուրք մատուցեցին արցախեան պատերազմներու նահատակներու յիշատակին:
Պաշտպանութեան նախկին նախարար, «Հայաստան» խմբակցութ-եան ղեկավար Սէյրան Օհանեան ըսաւ. «Հայաստանի գործող իշխանութիւնը նպատակաուղղուած կþարժեզրկէ ազգային պատմութեան հերոսական էջերն ու մարտական յաղթանակները՝ սեփական անկարողութիւնն ու միակողմանի զիջումներու քաղաքա-կանութիւն արդարացնելու համար»։
Ան յատկապէս շեշտեց, որ եթէ նախապէս 9 Մայիսը փառապանծ եռատօն էր, այսօր, «ապաշնորհ կառավարիչներ»-ու գործողութիւններուն հետեւանքով հայ ժողովուրդը ստիպուած է այդ օրը դիմաւորել խոր կսկիծով՝ Արցախի կորուստին եւ Ատրպէյճանի կատարած ցեղային զտումներուն լոյսին տակ։
Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան շեշտեց, որ դէմ չեն խաղաղութեան, այլ կողմ են որեւէ գործողութեան, որ տարածաշրջանի մեր դրացիներուն հետ խաղաղութիւն պիտի հաստատէ։
«Այլ հարց է, թէ ի՛նչ որակի խաղաղութիւն կþուզենք ունենալ, ի՞նչ գնով, ինչի՞ հաշուոյն։ Ասիկա ընտրութեան հարց է։ Երբ մեր հայրենիքէն մաս մը կորսնցուցած ենք, Հայաստանի տարածքներէն մաս մը կորսնցուցած ենք, կան անհետ կորածներ ու Պաքուի մէջ պահուած գերիներ, ինչպէ՞ս կարելի է ասիկա արժանապատիւ խաղաղութիւն համարել», յայտնեց ան։