Սահմանազատման աշխատանքները հայ-ատրպէյճանական սահմանին կը շարունակուին, յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Ատրպէյճանական APA-ի փոխանցումին համաձայն, Պայրամով ըսած է, որ փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի Հայաստան այցելութեան օրերուն, կողմերը ստորագրած են երեք փաստաթուղթեր, որոնք ուրուագծած են հետագայ աշխատանքներու ընթացակարգերը:
Նախօրէին, Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտնած էր, որ Սահմանազատման յանձնաժողովներու վերջին հանդիպումի ընթացքին, երեք փաստաթուղթի նախագիծի շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովները փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի նախագահութեամբ վերջին անգամ հանդիպած էին 29 Ապրիլին: Կողմերը քննարկած էին սահմանազատման կազմակերպչական եւ ճարտարագիտական հարցերը: Այնուհետեւ արդէն իսկ համաձայնուած ուղեցոյցները փոխանակած էին։։Անոնցմէ մէկը սահմանազատման աշխատանքներու համար անհրաժեշտ փորձագիտական խումբերու աշխատակարգը կը սահմանէ, միւս երկուքը՝ քարտէզի ստեղծումին, նաեւ սահմանազատման փաստաթուղթերու ձեւակերպման եւ հրատարակման կարգերը:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բնակչութեան հետ հանդիպումի մը պահուն յայտարարած էր, որ Ատրպէյճան նպատակ չունի կործանելու Հայաստանը կամ զրկելու զայն անկախութենէ։