Սուրիա-Լիբանան սահմանային “Աարիտա” միջանցքի լայնքին նոր կամուրջ հիմնելու աշխատանքը կը շարունակուի՝ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադրութեան շարժումը դիւրացնելու համար։ Սոյն աշխատանքը յանձնարարեց Սուրիոյ Հանրային Աշխատանքներու եւ Բնակարանային Հարցերու Նախարարութիւնը, գործակցութեամբ մաքսային եւ այլ պատկան կողմերու։
Յիշենք, որ 1 Մայիս 2026-ին, Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ փոխադրութեան շարժումը ժամանակաւորապէս դադրեցաւ` հարաւային գետի ջուրի բարձրացման հետեւանքով, որուն իբրեւ արդիւնք երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած սահմանային կամուրջը վնասուեցաւ։