Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը մասնակցեցան Պրիւքսէլի մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գոյացած քաղաքական երկխօսութեան աշխատանքային Ա. Նիստին:
Նիստի շրջագիծէն ներս, նախարար Շայպանի հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոպական Միութեան պատասխանատուներու հետ, որոնց հետ խորհրդակցեցաւ Սուրիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութեան զարգացման շուրջ:
Նախարար Շայպանի ըսաւ. «Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան հետ քաղաքական երկխօսութիւնը նոր քայլ մըն է՝ կողմերուն միջեւ յարաբերութեան զարգացման գծով», շեշտելով, որ Պրիւքսէլի ժողովին Սուրիոյ մասնակցութիւնը նոր փուլ մըն է փոխյարգանքի եւ գործակցութեան վրայ հիմնուած յարաբերութեան գծով:
Նախարարը աւելցուց. «Սոյն երկխօսական նիստը մեծ կարեւորութիւն ունի Սուրիոյ համար, յատկապէս նկատի ունենալով, որ երկիրը պատժամիջոցներու չեղարկումէն ետք տնտեսական աշխուժացման փուլի մէջ է, ինչ որ սուրիական շուկան կ’աշխուժացնէ, ներդրումային առիթներ կը ստեղծէ եւ վերականգնումի աշխատանքները հունի մէջ կը դնէ»:
Նախարար Շայպանի շեշտեց նաեւ, որ այսպիսով Սուրիոյ դիրքը կ’ամրագրուի, որպէս տարածաշրջանի մէջ Եւրոպական Միութեան գլխաւոր գործակից, մեկնելով իր աշխարհաքաղաքական առանցքային դիրքէն եւ որպէս տնտեսական ու առեւտրական կամուրջ արեւելքի եւ երեւմուտքի միջեւ: