Երկուշաբթի, 4 Մայիսին Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» դաշինքին կողմէ կազմակերպուած, «Այո՛ ժողովրդավարութեան, ո՛չ երեսպաշտութեան» խորագիրով բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ:
Դաշինքի ներկայացուցիչներն ու անոնց աջակիցները նախ հաւաքուեցան Մերգելեան հիմնարկի այգիին մէջ, ապա երթով ուղղուեցան դէպի Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր, ուր տեղի կ՛ունենար Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովը:
«Եւրոպան պէտք չէ լռէ», «Ազատութիւն Պաքուի մէջ պահուող գերիներուն», «Ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն», կը վանկարկէին երթին մասնակիցները:
Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան ըսաւ, որ երկրին մէջ կան տասնեակ քաղաքական բանտարկեալներ, որոնք ձերբակալուած են շինծու մեղադրանքներով, մինչդեռ իշխանութեան կողմնակիցներուն կատարած ծանր յանցագործութիւնները կը մնան անպատիժ: Եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կոչ կ՛ուղղենք աչք չփակելու Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան յետընթացին եւ արդէն անթաքոյց միահեծան բռնապետութեան հաստատման դիմաց: Եթէ Եւրոպան իրական բարեկամ է, ապա չի կրնար աչք փակել այս բոլորին նկատմամբ:
Անոր համաձայն, իրականութեան հետ աղերս չունի այն, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը կը փորձէ պետութիւնը ներկայացնել իբրեւ ժողովրդավարութեան ջատագով, իսկ ընդդիմութիւնը` ռուսական ազդեցութեան գործակալ:
Արթուր Խաչատրեան նաեւ շեշտեց, որ Պաքուի բանտերուն մէջ կը շարունակեն մնալ տասնեակ մը հայ գերիներ, եւ անհրաժեշտ է օր առաջ հասնիլ անոնց ազատ արձակման:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մէկ օր առաջուան յայտարարութիւններուն` Արթուր Խաչատրեան ըսաւ. «Ալիեւը այս հարթակը օգտագործեց իր թեզերը յառաջ տանելու, պատերազմական յանցագործութիւններն ու Արցախի բռնագրաւումը արդարացնելու, հայկական իրականութիւնն ու պատմութիւնը անգամ մը եւս աղճատելու համար: Ան անգամ մը եւս ցոյց կու տայ այդ պետութեան թշնամական դիրքորոշումը:
Երթին մասնակիցները Մարզահամերգային համալիրին մօտ հայերէնով եւ անգլերէնով ուղերձներ յղեցին Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն: