Ընթերցողին ներկայացուած է «Դրօշակի» 2026 թ. 4-րդ համարը: Հայութեան համար յիշատակի եւ ոգեկոչման Ապրիլ ամսուն ՀՅԴ պաշտօնաթերթի ընթացիկ համարը նուիրուած է հայոց մեծ ողբերգութեան:
Ընթերցողը «Հայ Դատ» խորագիրին տակ կը ծանօթանայ 111 տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին նիւթերու, անոնց արձագանգներուն մամուլի մէջ, ինչպէս եւ իրաւական, քաղաքական բեմերու մէջ, որպէս մէկ գործընթաց որ կը շարունակուի տարբեր դրսեւորումներով: Միաժամանակ որպէս գործընթաց մը, որ իր պատմական հանգուցալուծումը տակաւին չէ ստացած մարդկութեան վերապրած առաջին ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման, դատապարտման, ինչպէս նաեւ հետեւանքներու վերացման առումով: Որպէս անպատժելիութեան պայմաններու 1915 թուականի եղեռնական իրադարձութիւններու շարունակութիւն, «Դրօշակ» կ’անդրադառնայ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն:
Հեղինակ Մարի Յովհաննիսեան, ըսուածի բնորոշ օրինակ որպէս, կ’անդրադառնայ 1992 թ. Արցախի Մարաղա գիւղին մէջ տեղի ունեցած կոտորածին: Սահմռկեցուցիչ իրադարձութիւններու նկարագրութիւնը ակնառու կերպով ի ցոյց կը դնէ նոյն արիւնարբու ձեռագիրը, որով մեծ եղբայրը մօտ մէկ դար առաջ կ’իրականացնէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ազգի ոչնչացման եւ անոր բնօրրանին տիրանալու ցեղասպանական քաղաքականութեան մէկ դրսևորումն ալ սպիտակ ցեղասպանութիւնն է կամ, այլ խօսքով, ժողովուրդի մշակութային, հոգեւոր ու պատմական հետքերու ոչնչացումը: Մշակութաբան Արմինէ Տիգրանեան կ’անդրադառնայ Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի մէջ շարունակուող հայկական կոթողներու ոչնչացման պետական քաղաքականութեան, միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն տեղի ունեցողը բացայայտելով որպէս ցեղասպանական գործողութիւններ:
Անդրադառնալով մէկ դարէն աւելի շարունակուող հայաջինջ քաղաքականութեան որոշ յօդուածներու հեղինակներ ցաւով նշած են, որ տեղի ունեցողի խորապատկերին Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնները ոչ միայն լռութիւն կը պահպանեն հայկական ինքնութեան դէմ ուղղուած ակնյայտ վանտալիզմի հարցով, այլեւ կը փորձեն հայ ժողովուրդին համոզել, թէ երէկուան ու այսօրուան թշնամին այլեւս բարեկամ է, որուն հետ հաստատուած է յաւերժական խաղաղութիւն:
Անկախ արծարծած նիւթի բովանդակութենէն հրապարակուած յօդուածներու միջով կարմիր թելի պէս կ’անցնի այն գաղափարը, որ հայ ժողովուրդը պետականօրէն պէտք է պաշտպանէ իրեն և չդադարեցնէ ինքնութեան, սեփական հողի վրայ ինքնիշխան ու արժանապատիւ գոյութեան համար պայքարը: Միայն ամուր պետականութեան շուրջ համախմբուած պայքարունակ ժողովուրդն է երաշխաւորուած իր մշտական տեղն ունենալու աշխարհի յարափոփոխ քարտէզի վրայ:
Ընթերցողը «Դրօշակի» ապրիլեան համարին մէջ կը գտնէ այլ հետաքրքրական հրապարակումներ եւս: