Սուրիոյ փոխադրութեան նախարար Եաարոպ Պատըր Դամասկոսի մէջ ֆրանսական դեսպանատան գործատար Ժան Փաթիսթ Ֆայֆեղի հետ քննարկեց փոխադրութեան ոլորրտի վերաբերող ծրագրերու իրանակացման կարելիութիւնները։
Կողմերը անդրադարձան այս առումով սուրիական-ֆրանսական գործակցութեան, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարեցին Սուրիոյ փոխադրութեան ենթակառոյցին բարեփոխման համար արտաքին ներդրումային ծրագրերու խթանումը։
Նախարարը շեշտեց, որ փոխադրութեան ենթակառոյցի բարեփոխումը տնտեսական բարգաւաճման հիմնաքարը կը հանդիսանայ։
Իր կարգին ֆրանսական դեսպանատան գործատարը յայտնեց, որ նման հանդիպումներ կ’ամրապնդեն փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած երկու երկիրներու տնտեսական գործակցութիւնը։