Գամիշլիի երկինքը սրբացած խունկով յագեցաւ 23 Ապրիլի առաւօտեան, երբ ազգային վարժարաններու աշակերտութիւնը նուիրումով հաւաքուեցաւ՝ ի յարգանս մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն։ Ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ Գամիշլիի Ազգային Փոխանորդարանին մէջ, կ՚արտացոլէր ազգային ոգիի, յիշողութեան փոխանցում նոր սերունդին, որուն կողքին պայքարելու ոգի կը ներշնչէր,։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Գամիշլիի ազգային վարժարաններու եւ Հայ Դատի ենթայանձնախումբին կողմէ՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ․ Տ. Լեւոն վրդ. Եղիայեանի հովանաւորութեամբ։ Աշակերտներուն կողքին երկայ էին թաղականութեան եւ հոգաբարձութեան անդամներ, Հայ Դատի ենթայանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Պարսումեան, դպրոցներու տնօրէնուհիները եւ ուսուցչական կազմը։

Հաւաքը բացուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով՝ յուշելով անքակտելի կապը մեր ազգի բեկորներուն միջեւ։ Աշակերտները, յարգանքով ասմունքեցին, երգեցին ու ներկայացուցին խորհրդանշական ելոյթներ, որոնք ազգային իրենց պատկանելիութեան, պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն մասին կը խօսէին։։

Օրուան պատգամը ուղղեց Հայ Դատի ենթայանձնախումբի անդամ Դալար Մարտիրոսեան։ Ան յիշեց որ Արցախը միայն աշխարհագրական տարածք չէ․ ան մեր պատմութեան, ինքնութեան եւ մշակութային ժառանգութեան անբաժանելի մասն է։ Պատերազմը եւ բռնի տեղահանութիւնը ցոյց տուին, որ մեր ազգային մարտահրաւէրները տակաւին առկայ են։ Այս իրականութեան մէջ կը ծնի պահանջատիրութիւնը։ Պահանջատիրութիւն կը նշանակէ՝ պահանջել արդարութեան վերականգնում, պահանջել մեր իրաւունքներու ճանաչում եւ պաշտպանել մեր ժողովուրդի արժանապատուութիւնը՝ միջազգային իրաւունքի եւ օրէնքի հիման վրայ։

Ապա ըսաւ․ «Հայ Դատը մեր ձայնն է, մեր յիշողութիւնը եւ մեր յոյսը՝ արդարութեան ճանապարհին»։
Հաւաքը եզրափակուեցաւ Արժ. Տէր Պսակ քահանայ Պէրպէրեանի հայրական պատգամով, ուր ան անդրադարձաւ նահատակներու վկայութեան, արժեւորեց անոնց անմար աւանդը եւ կոչ ուղղեց նոր սերունդին՝ ապրիլ յիշողութեամբ, բայց կերտել ապագան հաւատքով։ Ան ըսաւ. «Ցեղասպանութենէն վերապրող ժողովուրդի որդիներն ենք. արդարութեան վերականգնումը պարտք է՝ ոչ միայն անցեալին, այլեւ մեր ապագային համար»։

Ցեղասպանութենէն 111 տարի ետք, Գամիշլիի աշակերտները կրկին հաստատեցին. որ յիշողութիւնը կենդանի է, իսկ պայքարը՝ շարունակուող։

Դալար Մարտիրոսեան